Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ Ապրիլ 14-ին պիտի բացուի Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառը: Հայաստանի տաղաւարի պաշտօնական բացումը եւս տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 14-ին: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, բացման արարողութեան պիտի մասնակցին եւրոպացի գրողներ, որոնք մինչ այդ` «Գրական տապան» փառատօնի ծիրէն ներս, եղած են Հայաստան: Գրողները հատուածներ պիտի կարդան Հայաստանի մասին իրենց ստեղծագործութիւններէն:
Տօնավաճառին պիտի ներկայացուին վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ հրատարակուած գիրքերը` յատուկ շեշտելով օտարալեզու հրատարակութիւնները, որոնց շարքին պիտի ըլլան ինչպէս պետական պատուերով ու աջակցութեամբ, այնպէս ալ մասնաւոր հրատարակչութիւններու նախաձեռնութեամբ հրատարակուած մօտ 300 անուն գիրք` Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Առանձին հատուած մը պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրները արծարծող գրականութեան:
Տաղաւարին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան լոնտոնաբնակ պատմաբան Ռուբէն Գալըչեանի ուսումնասիրութիւնները, ուր կը ներկայացուի Հայաստանը աշխարհի քարտէզներուն մէջ: Տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ եւ շնորհանդէսներ, որոնց շարքին` Ճորճ Ճերճեանի «Լուսաբաց մէկ դար անց» գիրքին եւ ֆիլմին ներկայացումը, Նուրիցա Մաթոսեանի «Արշիլ Կորքի, Հրանդ Տինք» խորագիրով ելոյթը, Ճոնաթան Թէյլըրի «Զուարճացնող օտարները» եւ այլ գիրքերու շնորհանդէսներ: Տեղի պիտի ունենայ Վասիլի Կրոսմանի «Հայկական ալպոմ» գիրքին շնորհանդէսը, որ պիտի ներկայացնէ թարգմանիչ Ռոպըրթ Չանտլըրը: Գիրքը կը պատմէ Կրոսմանի` խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ անցուցած ամիսներուն ստացած տպաւորութիւններուն մասին:
Ապրիլ 15-ին «Քարլթըն Հաուս Թերաս» ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ճեֆրի Ռոպըրթսընի «Անյարմար ցեղասպանութիւն. ո՞ր հիմա կը յիշէ հայերը» գիրքին շնորհանդէսը:
Այս տարի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայ գրականութեան հիմնադրամի համագործակցութեամբ մեկնարկած է նպատակային թարգմանութիւններուն աջակցելու ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի աջակցիլ արտերկրի այն հրատարակչութիւններուն, որոնք պիտի թարգմանեն եւ լոյս ընծայեն Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած գեղարուեստական եւ հանրամատչելի գրականութիւն:
Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառի ամբողջ ընթացքին, վերոնշեալ ծրագրի ներկայացման նպատակով շարք մը հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան արտերկրի հրատարակչութիւններու հետ: Հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Ալվարդ Սերոբեանը, Հայ գրականութեան հիմնադրամի տնօրէն Արեւիկ Աշխարոյեանը եւ հոլանտացի գրող, «Գրական տապան» փառատօնի մասնակից Սերժ վան Տայնհովընը: