Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայանայ «Genealogy» խումբով: Խումբին 6 մասնակիցներէն երրորդը եթովպիահայ երգիչ Վահէ Թիլբեանն է, որ կը ներկայացնէ Ափրիկէ աշխարհամասը:

Այս մասին կը յայտնեն «Առաջին ալիք»-ի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի, որ վառ կերպարով եւ եռանդուն բնոյթով փորձառու երգիչ եւ երաժշտագէտ Վահէ Թիլբեանը ճանչցուած արուեստագէտ է: Վահէն յայտնի է իր իւրօրինակ երաժշտական ոճով` ռոքէն թեքնօ, ռոքէն R&B, հայկականէն եթովպիական եւ լատինական երաժշտութիւն: Մշակութային այս խառնուրդը կ'արտացոլէ Վահէի անհատականութիւնն ու կ'առանձնացնէ զայն որպէս բացառիկ արուեստագէտ եւ պարող:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Հանրային հեռուստաընկերութիւնը յայտնած էր, որ «Genealogy» խումբը պիտի համախմբէ 1915-ին աշխարհի 5 աշխարհամասերու վրայ (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Ափրիկէ, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդը: Խումբին մէջ ծագումով հայ 6 արուեստագէտներ են` իրենց 6 ճակատագիրներով, բայց 1 պատմութեամբ:

Խումբին առաջին մասնակիցը ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Եսայի Ալթունեանն է, որ կը ներկայացնէ Եւրոպա աշխարհամասը, իսկ երկրորդը` ամերիկահայ սիրուած երգչուհի Թամար Գափրելեանը:

Ներկայացուելիք երգի վերնագիրն է` «Don’t deny» («Մի՛ ժխտեր»):

«Genealogy» խումբի չորրորդ մասնակիցին անունը յայտնի պիտի դառնայ Փետրուար 27-ին:

Մրցոյթը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ Մայիս 19-ին, 21-ին եւ 23-ին` «Կառուցելով կամուրջներ» նշանաբանին տակ: Մրցոյթին պիտի մասնակցի 40 պետութիւն:

 

Վահէ Թիլբեան/Եթովպիա

Վահէն ծնած եւ մեծցած է Եթովպիա, անոր ծնողները (Կարօ Թիլբեանն ու Անի Ասլանեանը) ծագումով հայ են: Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայերէն է անոր հայրական կողմի պապը, որուն ճակատագիրը հիմնովին հաստատած է Եթովպիոյ մէջ: Անոր մայրական կողմի ընտանիքին բոլոր անդամները լքած են Արեւմտեան Հայաստանը` 1890-ականներու վերջին եւ 1900-ականներու սկիզբը:

Վահէն լրջօրէն սկսած է մտածել երաժշտութեան մասին, երբ արդէն Գանատայի Վանքուվըր քաղաքի Բրիտանական Կոլումպիա համալսարանի շրջանաւարտ էր: Ան պաքալաւրի կոչում ստացած է ընդհանուր գիտութիւններէն` մասնագիտանալով կենսաբանութեան մէջ: Այդ ընթացքին Վահէն արդէն գերուած էր պարով եւ, ըլլալով արհեստավարժ միջազգային լատինամերիկեան պարահանդէսային ոճի պարող, «Salsegnochu» պարային խումբի համահիմնադիրն ու պարուսոյցն էր: Այս ամէնուն զուգահեռ` Ատիս Ապեպայի մէջ Վահէն կ'երգէր «The Motley Singers» երգչախումբին մէջ` որպէս գլխաւոր թենոր:

Համալսարանը աւարտելէն ետք Վահէն 3 տարիէ աւելի աշխատած է պիզնեսի ոլորտին մէջ եւ 2008 թուականին, ձգելով իր հիմնական աշխատանքը, ամբողջութեամբ նուիրուած է երաժշտութեան: Իր ընկերներ Պիթիկ Էմլաելու եւ Լետճ Լէոյի աջակցութեամբ միացած է «Z Beyaynetus» խումբին: Շուտով DC-էն ժամանած եւ Եթովպիա հաստատուած արտադրող եւ կատարող Քէնի Ալենը, լսելով Վահէին տեղի ժամանցային վայրերէն մէկուն մէջ, առաջարկած է անոր դառնալ իր back vocalist-ը` «251 Band» խումբի ալպոմի թողարկման ծիրէն ներս: Առաջարկը ընդունելէ ետք Վահէն աշխատած է անոր հետ երկար տարիներ` հանդէս գալով տեղի երաժշտական փառատօններու եւ այլ նախաձեռնութիւններու ընթացքին: Յաջորդիւ, որոշելով փոփոխութիւն մտցնել իր ժանրի եւ երգացանկին մէջ, Վահէն միացած է «Eshee Havana» սալսա խումբին: Ան աշխատած է եթովպական երգերու original rimex-ներու` սալսա ոճի փոխակերպումներու վրայ: 2011 թուականին «Big Brother Africa» ցուցադրութեան հասած է եզրափակիչ փուլ:

Վահէն ինք գրած է իր առաջին երգի` «Life or Something Like it» բառերը եւ Միքայէլ Հաիլուի հետ միասին գործիքաւորած եւ ձայնագրած են երգը 2010 թուականին: Ոգեշնչուելով երգի յաջողութենէն`Վահէն սկսած է գրել սեփական երգերուն բառերը: 2012 թուականին անոր «Don’t Stop» երգը առաջադրուած է Armenian Pulse Music Award-ին` որպէս հայ կատարողի լաւագոյն անգլերէն երգ եւ առցանց քուէարկութեամբ գրաւած է 3-րդ տեղը:

2012 թուականի Նոյեմբերին Վահէն աւարտին հասցուցած է իր «Mixology» ձայներիզը եւ թողարկած է զայն անվճար:

2013 թուականի Մայիսին Վահէն թողարկած է «Yene Tizita» երգի տեսահոլովակը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ կարօտ կամ յիշողութիւններ. անիկա հին եթովպական երգի վերաթողարկումն էր: Տեսաhոլովակի բեմադրիչը եւ արտադրողը եղած են Արամազդ Քալայճանն ու Մուլուքետա Ամարուն:

Արդէն 2 տարիէ Վահէն «Zemen Band» խումբի մենակատարն է: Ան աշխատած է երգիչներ Zeritu Kebede եւ Michael Belayneh-ի հետ եւ Nubian Arc Band երաժշտական խումբին հետ: Ան նաեւ հանդէս եկած է իբրեւ back vocalist եւ համերգի առաջին կատարող Ledj Leo, Abby Lakew, Nhatty, Tsedenya Gebremarkos, Eyob Mekonnen, Shewandagn Hailu-ի համար, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցած է ափրիկէցի արուեստագէտներ Oliver Mtukudzi, Vee and Liz Ogumbo-ի հետ, երբ անոնք հիւրախաղերվ հանդէս եկած են Եթովպիոյ մէջ:

Վահէն թղթակցած է Ատիս Ապեպայի մէջ հրատարակուող Zoma Magazine-ին եւ կրնայ ազատօրէն իր մտքերը արտայայտել հայերէն, անգլերէն, ամհարերէն, իտալերէն եւ ֆրանսերէն:

Յետագային Վահէն մտադիր է թողարկել եւս 2 ձայներիզ, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ հայկական, միւսը` եթովպական, համարժէք մշակութային-երաժշտական տարրերով՝ ներկայացնելով մշակութային այն խառնուրդը, որմէ ինքը կը սերի:

2015 թուականին Վահէն պիտի ներկայացնէ Հայաստանը «Եւրատեսիլ» երաժշտական հեղինակաւոր 60-րդ մրցոյթին: Ան ելոյթ պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ հայազգի 5 այլ տաղանդաւոր մասնակիցներու հետ: Այժմ ստեղծագործական անձնակազմի հետ միասին, Վահէն աշխուժօրէն կը մասնակցի մրցոյթի նախապատրաստական աշխատանքներուն:  Առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 19-ին: