Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Տարածաշրջանային այցով Երեւան գտնուող Ա.Մ.Ն. պետական քարտուղարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Վիքթորիա Նուլընտ այսօր այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ան ծաղիկներ դրած է Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի մէջ։  Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Ա.Մ.Ն. դեսպանատան թուիթըրեան էջը:

Նուլընտ այս այցի ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ երիտասարդական խումբերու հետ: Մինչ Հայաստան ժամանելը, ան այցելած է Ատրպէյճան եւ Վրաստան: