Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտը: Այս մասին կը հաղորդեն Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Նախագահը ողջունած է բարձրաստիճան հիւրը մեր երկրին մէջ եւ յոյս յայտնած, որ տիկին Նուլընտի այցը Երեւան, նոր շունչ պիտի հաղորդէ հայ-ամերիկեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան: Հանրապետութեան նախագահի համոզմունքով, այսպիսի այցերը լաւ հնարաւորութիւն են` քննարկելու ինչպէս երկկողմ օրակարգի, այնպէս ալ տարածաշրջանային հարցեր եւ համատեղ լուծումներ փնտռելու առկայ խնդիրներուն:

Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Ա.Մ.Ն. նորանշանակ դեսպան Ռիչըրտ Միլսը, որուն հետ հանդիպած է օրերս, նոյնպիսի աշխոյժութեամբ պիտի շարունակէ իր նախորդի` Ճոն Հեֆըրնի գործը` մեծ աւանդ ունենալով հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը մեծապէս կարեւոր կը համարէ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ, յատկապէս` իբրեւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր, Ա.Մ.Ն.-ի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Լ.Ղ. հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` անկախութենէն ի վեր Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Վիքթորիա Նուլընտ գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստան այցի ծիրէն ներս մինչ այս պետական մարմիններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին: Ան ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է քննարկելու Հայաստանին Ա.Մ.Ն. յետագայ աջակցութեան հնարաւորութիւնները: Տիկին Նուլընտ նշած է, որ իր երկիրը խորապէս շահագրգռուած է օգտակար ըլլալու Հայաստանին` տնտեսութեան զարգացման, բարեփոխումներու, ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցերուն մէջ եւ ընդգծած վերոյիշեալ ուղղութիւններով Հայաստանի մէջ արձանագրուած դրական ձեռքբերումները: Ա.Մ.Ն. պետական քարտուղարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղուած միջազգային հաւաքական ջանքերուն, մասնաւորապէս` Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի խաղաղապահ գործողութիւններուն շահագրգիռ մասնակցութեան համար:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Լ.Ղ. հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ առկայ մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, քննարկած բանակցութիւնները ի նպաստ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան արդիւնաւէտօրէն շարունակելու հնարաւորութիւնները:

Հանդիպման անդրադարձ եղած է նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընթացիկ տարին Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ նախատեսուած ձեռնարկներուն: