Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Երեւանի Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կեդրոնին մէջ քիչ առաջ աւարտեցաւ Գիւմրիի սպանդէն փրկուած փոքրիկ Սերեոժայի վիրահատութիւնը: Վիրահատութիւնը բարեյաջող անցած է, տեւած է 20 րոպէ:   Երեխան այժմ կը գտնուի մանկական վերակենդանացման բաժին: Երեխային վիճակը կը շարունակուի մնալ կայուն-ծանր: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն:

Բժշկական կեդրոնին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուած է վիրահատական միջամտութիւն իրականացնել: Կեանքին սպառնացող բարդութիւնները, ինչպէս նաեւ երեխային յետագայ խորը հաշմանդամութեան վտանգը կանխարգիլելու նպատակով մասնագէտները համատեղ որոշում կայացուցած են:

Վիրահատութիւնը հայաստանեան մասնագէտներու հետ կատարած է անուանի նեարդավիրաբոյժ, փրոֆէսոր, Ս.Փեթերզպուրկի Փոլենովի անուան նեարդաւիրաբուժութեան գիտահետազօտական ինստիտուտի մանկական հիւանդանոցի ղեկավար Ուիլեամ Խաչատրեանը: