Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նի-ուզ».– 14 Յունուարին Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած ցոյցերուն ընթացքին ցուցարարները պահանջեցին վեց հոգիի սպանութեան մէջ կասկածելի Վալերի Պերմեաքովի գործը յանձնել հայ իրաւապահներուն:

14 Յունուարի երեկոյեան Հայաստանի նախագահական նստավայրին առջեւ բազմամարդ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ։ Տասնեակ ոստիկաններ պատ կազմած՝ ցուցարարներուն թոյլ չտուին մայթը անցնիլ բողոքի ցոյցը շարունակելու համար:

Աւելի ուշ նախագահի նստավայրէն դուրս ելաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը, որ, սակայն, չմօտեցաւ հաւաքուածներուն եւ սուլոցներու, «Ամօ»չ եւ «Ստրուկ» բացագանչութիւններու տարափին տակ ներս մտաւ։

Երթին մասնակիցները բարձրացուցին Աւետիսեաններու զոհուած երկամեայ դստեր լուսանկարը։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկրորդ սորտի պետութիւն չէ, եթէ յանցագործութիւնը տեղի է ունեցել Հայաստանում, մէկ այլ պետութիւն իրաւունք չունի յանցագործին միջազգային պայմանագրի խախտմամբ մեր պետութիւնից ուղղակի փախցնել եւ յանցագործին պաշտպանել հայ իրաւապահներից: Պէտք է բացայայտուի, թէ ինչպէս է զինծառայողը զէնքով դուրս գալիս եւ գնդակահարում խաղաղ բնակիչների: Այդ ամէնին պէտք է բացատրութիւններ տրուեն եւ ապագայում կանխուեն նման դէպքերը», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ցուցարարներէն Դանիէլ Իոանիսեանը:

Ցուցարարները իրենց պահանջը նամակով ներկայացուցին նաեւ նախագահական նստավայրի դիմումներու եւ բողոքներու բաժինին։ Հաւաքուածները քննարկեցին իրենց հետագայ գործողութիւնները: Չկարենալով ճեղքել ոստիկանական պատը՝ ցուցարարները որոշեցին բողոքի ցոյցը շարունակել 15 Յունուարին:

Նման պահանջով բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ նաեւ Գիւմրիի մէջ, ուր ցուցարարները 22 ժամ տուին դատախազութեան՝ իրենց պահանջը կատարելու։

Գիւմրեցիները ճեղքելով ոստիկաններուն պատնէշը՝ հաւաքուեցան ռուսական ռազմախարիսխին մօտ եւ Շիրակի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեանի հետ երկար բանակցութիւններ ունենալէ ետք որոշեցին հեռանալ։ «Ասպարէզ» ակումբի խորհուրդի նախագահ Լեւոն Բարսեղեան հրապարակեց հաւաքուածներուն որոշումը՝ 15 Յունուարին, Աւետիսեաններու յուղարկաւորութենէն ետք կրկին հաւաքուիլ դատախազութեան մօտ: