Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Վարուժ Մինասեան, Կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսէսեան եւ Թեմական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Բաղդասարեան։ Անոնք անդամակցած են Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Բագէն Արք. Չարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ Անթիլիաս ժամանած էր մասնակցելու համար նոյն թեմի նախկին առաջնորդ Կորիւն Արք. Պապեանի յուղարկաւորութեան։

Հանդիպումը առիթ էր զեկուցելու վերջերս Նոր Ջուղայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով տեղի ունեցած գիտաժողովին մասին։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին ունեցած աշխուժ աշխատակցութեան «Ազդակ»-ին։ Հայ եկեղեցւոյ տօներուն առիթով խորհրդածութիւններ, հայ ազգային-եկեղեցական արժէքներու վերլուծումներ, եկեղեցական դէմքերու մասին մենագրութիւններ` (որոնց մէջ առանցքայինը եղաւ արխիւային ուսումնասիրութիւնը, ցարդ անծանօթ մնացած դրուագներ լոյսին բերելը ) Կորիւն սրբազան իր այս աշխատասիրութիւններով հարստացուց «Ազդակ»-ի վերջին շրջանի բովանդակութիւնը։