Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։ Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իսլամական մշակոյթի եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը։
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Հանրապետութեան միջեւ շուրջ քսան (20) տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կրօնքն ու ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական հարցերու շուրջ։ Համաճարակին պատճառով կը ծրագրուի առցանց հանդիպում մը կազմակերպել մօտապագային։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Արցախի հարցին եւ Իրանի հայութեան։