Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Քիչ առաջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ալ Ասատին ուղղած իր նամակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանին կողմէ, այս առաւօտ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայնութեան ճանաչումը:
«Վստահ ենք, որ Դուք եւ Ձեր հանգուցեալ հայրը կարեւոր դեր ունեցաք ցեղասպանութեան դատապարտումի ու ճանաչումի գծով՝ Ձեր հրապարակային կեցուածքներու ճամբով անցնող տարիներու ընթացքին: Այս առիթով, կ'ուզենք նաեւ շեշտել, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ տարրերով՝ իր պետութեամբ ու բոլոր կառոյցներով արդէն իսկ 100 տարիներ առաջ ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ իր հողին վրայ ընդունած էր ցեղասպանութենէն վերապրող հայ ժողովուրդի զաւակները:
Դուք ցեղասպանութիւնը ճանչցած եղաք, երբ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր զաւակներուն հետ Սուրիոյ ժողովուրդը կիսեց իր հացն ու ջուրը: Ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդը Սփիւռքին մէջ յատուկ ուրախութեամբ կ'ողջունէ Սուրիական Խորհրդարանի այս որոշումը: Մեր բարձր գնահատանքը կ'ուզենք յայտնել Սուրիոյ Խորհրդարանին, Ձերդ վսեմութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ մաղթելով ամբողջական խաղաղութիւն եւ բարգաւաճ օրեր Սուրիոյ Հանրապետութեան»:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը նմանօրինակ նամակ մը յղեց նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահին: