Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Անդրադառնալով Իտալիոյ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ առնուած որոշումին՝ ուղղուած Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու հայոց ցեղասպանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Խորհրդարանի այս իմաստուն ու քաջ քայլը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «այս վճռական քայլը արդարութեան յաղթանակն է ցեղասպանին կողմէ կատարուող այն բոլոր ապատեղեկատուական ու ժխտողական քայլերուն դէմ, որոնց նպատակը պատմութեան փոշիներուն տակ ծածկել է Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեպասպանութիւնը հայ ժողվուրդին դէմ»։ Շարունակելով իր յայտարարութիւնը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ «մարդկային իրաւունքները պէտք չէ զոհը դառնան այսպէս կոչուած աշարհաքաղաքական շահերու. առաջինը մնայուն է երկրորդը՝ գնայուն։ Ազգերու զարգացման ու հզօրացման առանցքը մարդկային իրաւունքներն ու արժէքներն են եւ ոչ թէ ժամանակաւոր շահերը ու շահադիտական մօտեցումները։ Մեր սպասումն է, որ արդարութիւնը պաշտպանող նման քայլերու հետեւին նաեւ այլ պետութիւններ»։
Յայտնենք որ 2000 թուականին Իտալիոյ խորհրդարանը արդէն իսկ ճանչցած էր հայոց ցեպասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Ներկայ քայլով ան ոչ միայն կը վերահաստատէ իր որոշումը, այլ նաեւ կոչ կ՚ուղղէ Իտալիոյ կառավարութեան նոյնը կատարելու։