Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պարիէն (Իտալիա) վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ու յատկապէս մեր արի բանակին՝ շեշտելով, թէ Արցախի պաշտպանութիւնն ու հզօրացումը մեր համայն ազգին համար առաջնահերթութիւն է։