Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, յառաջիկայ Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը։
Կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը՝ կոչ կ՚ուղղէ.-
- Մեր թեմերուն, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հանդիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու այս կարեւոր թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան։
- Մեր կազմակերպութիւններուն, միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքէն ներս։
- Մեր կրթական կառոյցներուն, հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը, որպէս ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան։
- Մեր մտաւորականներուն, աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու առաջին Հանրապետութեան դերը՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ։
- Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 100-ամեակին առիթով՝ կարդալով, լսելով ու զանազան ձեռնարկներու մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։