Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ գտնւող Եւրոպայի Խորհրդարանի սրահին մէջ, Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակին կողմէ կազմակերպւած համագումարի բացման նիստին իր պատգամը ուղղելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս խիստ կերպով քննադատեց Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին հապճեպ ու անարդար մօտեցումը՝ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով:
Արդարեւ, երեք կէտերէ բաղկացած իր պատգամին սկիզբը, վեհափառը շեշտեց, որ հակառակ թուրք պետութեան զօրեղ ու նոյնիսկ սպառնացող հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու աշխարհաքաղաքական շահերէ մեկնած վերապահութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը կը շարունակւի: Երկրորդ կէտին մէջ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հատուցման հարցին: Յիշելով միջազգային օրէնքի տրամադրութիւնները այս գծով, ան յայտնեց, որ ճանաչում կենթադրէ նաեւ հատուցում: Ան ըսաւ, որ ներկայ Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան կայսրութեան. հետեւաբար, անիկա չի՛ կրնար ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անտեսել հատուցումը:
Իր պատգամի երրորդ կէտին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը թուրք պետութեան մօտ՝ պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը: Ան նախ յայտնեց, որ քանի մը տարիներ առաջ նամակ գրած էր նախագահ Էրտողանին՝ պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Իր նամակը անպատասխան մնալով, կաթողիկոսարանը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացաւ: Վերջինս մերժեց քննել դատը՝ ընդառաջելով Թուրքիոյ արդարութեան նախարարութեան թելադրանքին՝ առանց ձաստի իրաւական հիմնաւորումներով: Հետեւաբար, «Ստիպւած եղանք դիմելու Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան, որպէսզի, մեկնելով իր սկզբունքներէն, արդար լուծում մը տայ մեր դատին»:
Ապա կաթողիկոսը ըսաւ. «Մեծ եղաւ մեր եւ մեր իրաւական յանձնախումբին անակնկալը, երբ Եւրոպական դատարանին կողմէ դատաւոր մը մերժեց ընդունիլ մեր դատին քննութիւնը՝ հակառակ իրաւական յանձնախումբին կողմէ կատարւած երկիցս դիմումնագիրին»: Վեհափառը իր զարմանքը յայտնեց՝ ըսելով. «Ինչպէ՞ս կըլլայ, որ միջազգային իրաւագէտներու ու Եւրոպական դատարանի մասնագէտներուն կողմէ պատրաստւած աւելի քան 900 էջերէ բաղկացած եւ պատմաիրաւական լուրջ հիմնաւորումներով ներկայացւած թղթածրարի ընդունելիութիւնը մերժւի անհատ դատաւորի մը կողմէ: Միջազգային դատաւարական օրէնքներուն համաձայն՝ դատաւորը պարտաւոր է լսել դատահայցը: Արդ, ինչպէ՞ս կը մերժւի նման խնդրանք մը: Ինչպէ՞ս Եւրոպական դատարանը կը թելադրէ դատը յղել Թուրքիոյ դատարանները, քաջ գիտնալով, որ հարիւրաւոր դատաւորներ, փաստաբաններ, նոյնիսկ սահմանադրական դատարանի պատկանող եւ Սիսի դատի իրաւական յանձնախումբին պատկանող փաստաբաններ բանտարկւած են: Մարդկային իրաւունքներու ջատագով Եւրոպական դատարանը ինչո՞ւ ճշմարտութենէն ու արդարութենէն հեռու կը մնայ՝ մերժելով նոյնիսկ մեր դատին ստանձնումը: Այս երեւոյթը ընդվզում կը յառաջացնէ հայ ժողովուրդին մօտ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ու կը պայքարին արդարութեան ու մարդկային իրաւանց համար»:
Շարունակելով իր խիստ քննադատութիւնը՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Եւրոպան մարդկային իրաւունքներու ջերմօրէն հաւատացող համայնք մըն է. հետեւաբար, անիկա արդարութիւնը պէտք է վեր նկատէ բոլոր տեսակի աշխարհաքաղաքական նկատումներէ»: Կաթողիկոսը կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու դատը եւ ապա շեշտեց. «Մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մենք պիտի հետապնդենք Սիսի կաթողիկոսարանի դատը թէ՛ թրքական դատարաններուն մօտ եւ թէ Եւրոպական դատարանին մէջ»: