Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Երեքշաբթի, 24 յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը, «Միաստուածեան կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» նիւթով:
Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան` «Աուքաֆ»-ի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային բաժանմունքին կողմէ:
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչները: Համագումարին հրաւիրուած էին նաեւ նշեալ երկիրներու քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Համագումարին վեհափառ հայրապետը ներկայացուց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Համագումարի ընթացքին սրբազան հայրը խօսք առնելով նախ եւ առաջ ներկաներուն փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյնը եւ բարեմաղթութիւնները: Ապա սրբազան հայրը խօսեցաւ «Համատեղ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը խաղաղութեան գործընթացին մէջ» նիւթին մասին: Ան իր խօսքին մէջ Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն մէջբերումներ կատարելով անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններու հասարակաց հաւատալիքներուն եւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան` շեշտելով, որ առանց կրօններու միջեւ համագործակցութեան կարելի չէ իրագործել մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն: Սրբազան հօր խօսքը բարձր գնահատանքի արժանացաւ:
Համագումարին ելոյթ ունեցան նաեւ ասորի ուղղափառ եւ յոյն ուղղափառ պատրիարքներու ներկայացուցիչները: