Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- 4 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6ի մօտերը, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր մեծ պայթում մը ցնցեց ամբողջ մայրաքաղաքը:

Պայթումին ուժգնութիւնը այնքան ահաւոր էր, որ մահ ու աւեր սփռեց պայթումին վայրէն 6-7 քիլոմեթր տարածքով շրջագիծի մը մէջ:

Լիբանանեան Կարմիր Խաչին համաձայն՝ նախանական տուեալներով վիրաւորուած են շուրջ 3000 քաղաքացիներ, իսկ զոհերուն թիւը, նոյնպէս նախնական տուեալներով, շուրջ 50 է, որոնց մէջ նաեւ հայեր, թէեւ չի բացառուիր որ մահացածներու թիւը անցնի քանի մը հարիւրի սահմանը:

Լիբանանեան լրատու աղբիւներ յայտնեցին, որ պայթումը արդիւնք էր 2700 թոն քիմիական նիւթերու բռնկումին, որ պատահեցաւ ելեկտրական խանգարումի մը պատճառով:

Նախքան մեծ պայթումը, տեղի ունեցած էին համեմատաբար երկու փոքր սակայն ուժգին պայթումներ:

Ըստ կարգ մը լրատու աղբիւրներու՝ մայրաքաղաքին նաւահանգիստը ամբողոջովին քանդուած է, իսկ այնտեղ գտնուող լիբանանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ցորենի շտեմարանը եւ հոն պահեստաւորուած ցորենը բոլորովին փճացած է: Յատկապէս մեծապէս վնասուած են Քարանթինայի, Մար Մըխայելի, Ճըմէյզիի, Ճայթաուի նաւահանգիստին հանդիպակաց շրջանները, ուր քաղաքացիներ իրենց տան մէջ մահացած են պայթումի ճնշումին պատճառով: Ճայթաուիի մէջ գտնուող «Ռում» հիւանդանոցին մէջ հիւանդներու կողքին մահացած են բժշկական անձնակազմէն եօթն:

«Ասպարէզ»ը կապ հաստատեց «Ազդակ»ի խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանի հետ, որ տեղեկացուց, թէ «Շաղզոյեան» կեդրոնի շէնքը, ուր կը գտնուին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները, «Ազդակ»ի խմբագրատունը, «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանը՝ կրած է նիւթալկան մեծ վնասներ: Անձնակազմի կարգ մը անդամներ վիրաւորուած են իրենց տան մէջ գտնուած պահուն: