Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԼՈՆՏՈՆ, «Երկիր»․- Լոնտոնի Քենիկսթըն շրջանին մէջ գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան վրայ յարձակած են ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները, տեղեկացուց Լոնտոնի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անեթ Մոսկոֆեան։
Ան յայտնեց որ ոստիկանութիւնը նախ չէ կրցած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել եւ ատրպէյճանցիներուն ստիպուած եղած են դիմադրել հայ համայնքի ներկայացուցիչները։
Ատրպէյճանցի ցուցարարերը փորձած են յարձակիլ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն պահանջով՝ ոստիկաններուն թիւը աւելցած է եւ անոնք կրցած են սանձել ատրպէյճանցի ամբոխը։
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս․ Մանուկեան կ՛աւելցնէ, թէ հայերուն մէջ տուժածներ չկան՝ աւելցնելով, որ բախումը հրահրած ատրպէյճանցի կինը փորձած է խլել հայերուն մէկ ցուցանակը: