Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ամերիկացի քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ հանդէս եկան Սումգայիթի ջարդերու վերաբերեալ յայտարարութիւններով՝ դատապարտելով 31 տարի առաջ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած բռնարարքները:
«Այսօր կ՛ոգեկոչեմ 31 տարի առաջ ատրպէյճանցիներուն կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ամենասարսափելի յարձակումներէն մէկը՝ Սումգայիթի ջարդերուն յիշատակը», կը նշէ՝ Փալոն՝ շեշտելով, որ առաւել քան երեք տասնամեակէ ի վեր Ատրպէյճան քայլեր կը ձեռնարկէ մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնները ծածկելու եւ Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւնները քօղարկելու համար: Ան առաւել անհանգստացած է, որ այս դէպքերուն եւ նման այլ վայրագութիւններու մեղաւորները Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հռչակուած են ազգային հերոսներ:
«Չափազանց կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճանչնայ եւ դատապարտէ քաղաքացիական անձերու դէմ այս յարձակումները: Այդ պատճառաւ, ես կը շարունակեմ կանգնիլ հայ ժողովուրդի կողքին՝ դատապարտելով այս սարսափելի կոտորածը», գրած է ան՝ նշելով, որ ցաւօք, Սումգայիթի ջարդերէն մինչ այսօր ատրպէյճանական կառավարութեան մօտեցումը հայ ժողովուրդին նկատմամբ շատ չէ փոխուած, եւ մինչեւ այսօր ականատես կ՛ըլլանք Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը ահաբեկելու Պաքուի մարտավարութեան:
«Եթէ մենք չենք դատապարտեր մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ թոյլ կու տանք, որ անոնք մնան անպատիժ ու չճանչցուած, ապա այդպիսով մենք միայն կը հզօրացնենք անոնց, որոնք կը ձգտին ապագային եւս այս յանցագործութիւնները կրկնել։ Կը շարունակեմ աշխատիլ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի իմ գործընկերներուն հետ՝ Սումգայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ դատապարտելու բռնութեան բոլոր գործողութիւնները այն մարդոց հանդէպ, որոնք թիրախ դարձան զուտ իրենց գոյութեան պատճառով: Յոյս ունիմ, որ իմ գործընկերները կը միանան ինծի, որպէսզի մերժենք կոշտ հռետորաբանութիւնը եւ ահաբեկումը եւ վերահաստատենք համընդհանուր խաղաղութեան հասնելու մեր յանձնառութիւնը», կ՛եզրակացնէ Փալոն:
«27 Փետրուարին եւ յաջորդող 3 օրերուն ընթացքին ատրպէյճանցիներու ամբոխները յարձակեցան եւ սպաննեցին հայեր: Բռնութիւններու հետեւանքով սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան հարիւրաւոր մարդիկ, կանայք եւ աղջիկները բռնաբարուեցան, իսկ ոմանք կենդանի վիճակի մէջ հրկիզուեցան: Հազարաւոր մարդիկ ստիպուեցան լքելու իրենց տուները՝ իրենց ետին ձգելով իրենց ունեցուածքը», իր կարգին, իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ քոնկրեսական Շիֆ:
Շիֆ, խստօրէն քննադատելով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը՝ կը նշէ, որ ջարդերը անմիջական հետեւանքն էին Ատրպէյճանի իշխանութիւններու տարիներ շարունակ իրականացուցած արատաւոր, ցեղապաշտական հակահայկական քարոզչութեան, որ միտուած էր նուաստացնելու Ատրպէյճանի մէջ բնակող հայ քաղաքացիները՝ այդպիսով հող նախապատրաստելով զանգուածային բռնութիւններուն:
Շիֆ իր յայտարարութեան մէջ կը յիշատակէ նաեւ 15 տարի առաջ ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը՝ զայն որակելով՝ իբրեւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ատելութիւն եւ դատապարտելով Սաֆարովը Ատրպէյճանին արտայանձնման որոշումը եւ վերջինիս հերոսացումը Պաքուի իշխանութեանց կողմէ:
«Երկու ամիսէն 104րդ տարելիցն է Հայոց Ցեղասպանութեան, զոր ամէն կերպով կը հերքէ Ատրպէյճանի մերձաւոր դաշնակից Թուրքիան: Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ մարդկութեան դէմ այս տեսակի յանցանքները մնան չճանչցուած՝ անկախ անոնց 30 տարի առաջ, թէ 100 առաջ իրականացած ըլլալնուն: Այսօր պէտք է լռութեամբ յարգենք Սումգայիթի ջարդերու վայրագութիւններուն զոհ դարձած հայերուն յիշատակը: Մեր բարոյական պարտքն է դատապարտել ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցանքները եւ յիշել զոհերը՝ այն յոյսով, որ պատմութիւնը չկրկնուի», կը յայտնէ Շիֆ: