Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ.- «Էրմէնիհապեր» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ Տիգրանակերտի հայկական կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին աւերակի վերածուած է։ Իր գոյութեան ընթացքին պատմական կառոյցը ծառայած է իբրեւ հացահատիկի պահեստ, ախոռ, նաեւ՝ որոշ շրջան մը գործածուած է իբրեւ անմշակ բրինձի գործարան, ստանալով «Չէլթիք Քիլիսէսի» (անմշակ բրինձի եկեղեցի) անունը։
Քաղաքի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ կը գտնուի Ս. Սարգիս կաթողիկէ եկեղեցին, որ նախապէս եղած է կաթողիկէ հայերու հաւաքատեղի։ Եկեղեցին ծանօթ է նաեւ Խտըր Էլիաս անունով։
Գրաւոր աղբիւրներու մէջ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շինութեան տարեթիւին վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան, եկեղեցւոյ տարածքին մէջ որեւէ արձանագրութիւն չէ պահպանուած, սակայն յատակագիծէն եւ ճարտարապետական կարգ մը առանձնայատկութիւններէն մեկնելով՝ զանազան աղբիւրներ կ՛ենթադրեն, որ եկեղեցին 16րդ դարու կառոյց է։
Մաքս Ֆոն Պերխեմի «Ամիտա» (Տիգրանակերտ) խորագիրով գիրքին համաձայն՝ եկեղեցին կառուցուած է 1515ին, տիգրանակերտցի հայերու կողմէ եւ կոչուած է Սուրբ Սարգիս։