Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Այս տարի, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամէնամեայ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ 22 Նոյեմբերին:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի լրատուութեան բաժինէն՝ մանրամասնելով, որ «Թելեթոն-2018»ը պիտի կրէ «Եկէք արարենք միասին» խորագիրը եւ պիտի ընդգրկէ նախորդ տարուան՝ խորքային հորերու հորատման եւ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրները: Պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառոյցներու զարգացման ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ «Թելեթոն-2018»ին ընդառաջ՝ հիմնադրամը «Եունիպենք Արմինիա» (Unibank Armenia) ընկերութեան կողմէ ստացած է առաջին մեծ նուիրատուութիւնը՝ 15 միլիոն դրամ: Իսկ Թորոնթոյի տեղական մարմինը այս տարուան բարեգործական ճաշին հաւաքած է 1 միլիոն 300 հազար գանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար):