Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Հաղորդած էինք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Յունիս 24ին կայանալիք կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին պիտի առաջադրուի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, այս անգամ՝ կուսակցութեան Տիգրանակերտի ցանկով:

 

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւնները վերջնական տեսքի կը բերեն իրենց ընտրացուցակները, որոնցմէ ի յայտ կը դառնայ, որ ծագումով հայ Էլմաս Կիրակոսը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ նորաստեղծ «Լաւ» ազգայնական կուսակցութիւնը եւ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած է Պոլիսէն:

Կիրակոս առաջադրուած է քաղաքի 3րդ ընտրատարածքին մէջ, կուսակցութեան ցանկին 8րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ ան կը հանդիսանայ ազգայնամլոներու Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն անջատուած կարգ մը քաղաքական գործիչներու կազմած «Լաւ» նոր կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը:

Կիրակոս ծնած է 1973ին, Ամասիա նահանգը, իսկ աւելի ուշ տեղափոխուած է Պոլիս:

Թրքական լրատուամիջոցներու պնդումով՝ հայկական ծագում ունի նաեւ նոյն կուսակցութեան փոխնախագահ Թայլան Եըլտըզ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կրկին առաջադրուած է իբրեւ թեկնածու Յունիս 24ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: 2015ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նման, ան ներկայացուած է Պոլսոյ երկրորդ ընտրատարածքէն:

Ի տարբերութիւն խորհրդարանի միւս հայ պատգամաւորներուն, իշխող շրջանակներուն հետ իր սերտ յարաբերութիւններով յայտնի Եսայեան այս ընթացքին որեւէ հայամէտ դիրքորոշում չէ ունեցած: Աւելի՛ն, 2016ի Յունիսին, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին, ան Թուրքիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ կողմ քուէարկած էր բրիտանացի խորհրդարանական Ռապըրթ Ուոլթըրի հակահայ՝ «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկոյցին, որ սակայն չվաւերացուեցաւ:

Նշենք, որ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը իր թեկնածուներու ցանկէն դուրս պահած է ներկայ խորհրդարանի 3րդ հայազգի պատգամաւորին՝ Սելինա Տողանի անունը:

Մինչ այդ, Փայլան եռալեզու (հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն) ուշագրաւ գրառում մը կատարած է «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ նշելով.

«Բարե՛ւ, Տիգրանակերտ,

Բարե՛ւ, Ամետ (Տիգրանակերտի քրտական անունը)

Բարե՛ւ, Տիարպեքիր

Հպարտ եմ, որ Տիարպեքիրէն առաջադրուած եմ իբրեւ պատգամաւորի թեկնածու:

Յաջողութի՛ւն»: