Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Մայիս 20-ին Թալիշ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է «Թալիշի վերածնունդ» նախագիծի մեկնարկի հանդիսաւոր արարաղութիւնը, որ ազդարարուած է համայնքային կեդրոնի բացումով:
Կեդրոնը կառուցուած է ‹‹Հայաստան›› համահայկական հիմնադրամի միջոցով, ամերիկաբնակ բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի ֆինանսաւորմամբ: Համայնքային կեդրոնը, որ կառուցուած էր քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ հակառակորդի հրետակոծութեան հետեւանքով աւերուած էր ամբողջ գիւղը եւ բռնագաղթուած բնակչութիւնը, իր մէջ կ՛ամբողջացնէ ոչ միայն վարչական մասը, այլ նաեւ բուժկէտը` օժանդակ սենեակներով: Կեդրոնին մէջ նախատեսուած են նաեւ սենեակներ` երիտասարդութեան ժամանցի համար:
Ըստ ‹Արցախփրես››-ի՝ հանդիսաւոր բացումին ներկայ եղած են Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան, ‹‹Հայաստան›› համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը` գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, պաշտօնատար այլ անձիք, թալիշցիներ, հիւրեր:
Նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ծրագիրը կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ Թալիշի վերականգնման գործին` երախտագիտութիւն յայտնելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանին նախագիծի իրականացման օժանդակելուն համար:
Սահական ըսած է, որ «Հայաստան» հիմնադրամը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործի բաղադրամասերէն մէկն է:
‹‹Հայաստան›› համահայկական հիմնադրամի պատուոյ անդամ, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան նշած է, որ ուրախ է` տեսնելով կատարուած աշխատանքը եւ կը խոստանայ ընել հնարաւորինը Արցախի շէնացման գործին:
Ամփոփելով Թալիշի մէջ առաջին փուլով կատարուած շինարարակական աշխատանքները` Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան յայտնած է, որ, ընդհանուր առմամբ, կառուցուած եւ վերանորոգուած է շուրջ 19 բնակելի տուն եւ ընթացքի մէջ է եւս 17-ը: Կառուցուած եւ արդիականացուած են համայնքի ջրամատակարարման նոր ցանցն ու կոյուղագիծը, ժամանակակից ճարտարապետական մօտեցումներով եւ լուծումներով վերակառուցուած է հանդիսութիւններու սրահը: Ընթացքի մէջ են դպրոցի, մանկապարտէզի մասնաշէնքերու կառուցապատման աշխատանքները: