Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Գանձասար».- Երկուշաբթի, 5 Փետրուարին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են հին Դամասկոսի շրջանը՝ խախտելով լարուածութեան մեղմացման Ղութայի գօտիի համաձայնութիւնը: Դամասկոսի ոստիկանատունէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Ղութայի արեւելեան շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած են յատկապէս Պապ Թումա շրջանը:
«Գանձասար»ի աղբիւրները յայտնեցին, թէ Պապ Թումայի մէջ հրթիռ մը ինկած է հայ ընտանիքի մը բնակարանին վրայ, ուր ներկայ եղած են տանտիրուհին՝ Նուրիցա Տէմիրճեան-Օթճեան, որ ժամանակէ մը ի վեր առողջապահական հարցերէ կը տառապի, անոր եղբայրը՝ Սարգիս-Յակոբ Տէմիրճեան եւ տանտիրուհին խնամող տեղացի կին մը՝ Ռիմ Ախրաս անունով: Տանտիրուհին խնամող տեղացի կինը տեղւոյն վրայ զոհուած է: Դամասկոսի հայ տղաքը օգնութեան փութալով՝ վիրաւորները հիւանդանոց տեղափոխած են: Նուրիցա Տէմիրճեան-Օթճեան վիրահատութեան ենթարկուած է: Թեթեւօրէն վիրաւորուած է նաեւ անոր եղբայրը: Բնակարանը ծանր վնասներ կրած է: