Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսան պիտի շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գործին մէջ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ խօսեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամենամեայ ընթրիքին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Ան յայտնեց, որ իբրեւ միջնորդ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, Ֆրանսա պիտի շարունակէ յառաջ ընթանալ կողմերը լսելու ճանապարհով: «Յուսամ, որ օր մը պիտի վերադառնամ ձեր մօտ եւ պիտի ըսեմ, որ մենք կարգաւորած ենք այդ հակամարտութիւնը», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
Ամենամեայ ընթրիքին մասնակցեցան նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Իլ-Տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեկրես, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ներառեալ՝ հայ պատգամաւոր Փաթրիք Տեւէճեան, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Գեփենեկեան, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
Ընթրիքին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Մաքրոն անդրադարձաւ հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան:
«Դրական շեշտադրումներ՝ դրական ակնկալիքներով». Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամէնամեայ ընթրիքը այսպէս բնորոշեց Ֆրանսայի նոյն խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
«Հետաքրքրական երեկոյ էր, որովհետեւ առաջին պաշտօնական մեր հանդիպումն էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Անոր հետ նոր կապեր հաստատելը շատ դրական է: Նախագահին ներկայացուցինք Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Արցախի հարցերը, խօսեցանք ֆրանսահայ համայնքի մտահոգութիւններուն մասին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան հարցի հետ կապուած: Մեր բոլոր պատգամները փոխանցեցինք: Շատ կարեւոր էր, որ պարզապէս ելոյթներ չհնչեցին, երկխօսութիւն եղաւ նախագահին հետ», յայտնեց Փափազեան:
Մաքրոնի ելոյթէն Փափազեան քանի մը կարեւոր շեշտադրում առանձնացուց. նախ այն, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան օրացոյցին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման համար օր պիտի ամրագրուի: Նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու գործընթացին նոր ընթացք տալու դիտարկումը:
«Ես իմ խօսքս արտասանելու միջոցին զայն հրաւիրեցի Արցախ: Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ, որ մեզի հետ կը մեկնի Արցախ, երբ հարցը լուծւած ըլլայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան կը պատկերացնէ այցելութիւն՝ հայկական Արցախ», ըսաւ Փափազեան: