Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Սթամպուլի Քուրուչեշմէյի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ:
Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթին՝ Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին օծած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան:
Իր խօսքին մէջ, Սահակ Մաշալեան նշած է, որ անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ հայ համայնքի համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող եկեղեցիներուն:
«Պէտք է մեր եկեղեցիները բաց պահենք ու աղօթենք: Եկեղեցիները հասարակութեան սիրտն են: Ես այսօր այստեղ կը տեսնեմ նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները: Կ՝ուզեմ զանոնտ տեսնել նաեւ ամէն Կիրակի պատարագներու ժամանակ»,- ըսած է եպիսկոպոս Մաշալեան:
Այնուհետեւ խօսքով հանդէս եկած է եկեղեցւոյ հիմնադրամի անդամ Սարօ Պենքլիյեան, ու իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է եկեղեցւոյ վերանորոգման նիւթական աջակցութիւն ցոյց տուողներուն։