Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է այն 4 թուրք մտաւորականներուն մասին, որոնք Սեպտեմբեր 22-ին ճանաչողական այցով մեկնած էին Արցախի Հանրապետութիւն:
Միջանկեալ նշենք, որ Ատրպէյճանի դատախազութիւնը Արցախ այցելած Թուրքիոյ Կանաչներու եւ ձախակողմեաններու կուսակցութեան հիմնադիր անդամ, «Անգարայի մտքի հարթակ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ուֆուք Ուրասը, գրող, հրապարակախօս Սայիթ Չեթինօղլուն, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուն եւ Էրոլ Քաթըրջըօղլուն կալանաւորելու որոշում կայացուցած էր եւ անոնց դէմ յայտարարած է միջազգային հետախուզում:
Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ վկայակոչելով թրքական «Haberler» լրատուական կայքը` Չաւուշօղլու նշած է, որ Անգարան մտահոգուած է, որ վերոնշեալ անձիք առանց Ատրպէյճանի թոյլտւութիւնը ունենալու եւ առացն տեղեակ պահելու թրքական իշխանութիւնները, մեկնած են Արցախ:
«Անօրինական կերպով ատրպէյճանական տարածք մուտք գործելը յանցանք է,- նշած է Չաւուշօղլու: – Մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, թէ որքան զգայուն հարց է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը: Երբ դեռ յարակից 7 շրջաններն ալ գրաւման մէջ են: Ահա թէ ինչու մենք եւս հետաքննութիւն սկսած ենք, երբ տրպէյճանի մէջ հետաքննութիւն սկսաւ Ղարաբաղ մեկնած նշեալ անձերու նկատմամբ: Անոնք արդէն հրաւիրուած են դատարան ցուցմունքներ տալու: Այդ մարդիկ նոյնիսկ զանգահարած են ինծի եւ ըսած, որ չեն գիտակցած, թէ յանցանք կը գործեն: Ես ալ ըսի, որ ատոր համար պիտի բացատրութիւն տալ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն: Ի վերջոյ, տարրական դպրոցի աշակերտներ չեն: Անոնք թէեւ նշած են, որ մեկնելով Ղարաբաղ, այնտեղ պաշտպանած են Ատրպէյճանը, քննադատած «Խոջալուի կոտորածը» (խմբ-դէպքերը) եւ Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանին աջակցող տեսակէտներ յայտնած են, բայց այդուհանդերձ ապօրինի ձեւով այնտեղ երթալը, արդէն յանցանք է»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուցած է, որ Արցախ մեկնած թուրք մտաւորականները նամակով դիմած են Բաքուին եւ յայտնած, որ չեն գիտակցած իրենց սխալը:
«Այնուամենայնիւ արդէն իրաւական գործընթացը սկսած է: Թող ատիկա դաս ըլլայ, որպէսզի յետագային ոչ մէկը առանց թոյլտուութեան այցելէ Ղարաբաղ, որ կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի տարածք: Ատիկա անընդունելի է թէ մեզի համար եւ թէ Ատրպէյճանի»,-եզրափակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: