Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ, «Արեւելք».- Պոլսոյ պատրիարարքարանի մէջ Չորեքշաբթի, 15 Մարտին գումարուած դռնփակ ժողովին Գարեգին արք. ՊԷքճեան ընտրուած է պատրիարքութեան տեղապահ:
Տեղապահութեան երեք թեկնածուներն էին ՝ Սահակ, Գարեգին եւ Արամ սրբազան հայրերը:
Սահակ սրբազան օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ յետս կը կոչէ տեղապահի պաշտօնին իր թեկնածուութիւնը՝ կրօնաւոր դասուն խորհուրդ տալով քուէարկել ի նպաստ Գարեգին սրբազանին:
Տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պեքճեանին հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ համընդհանուր ճիգերով եւ համայնքի լայն շրջանակներու օգնութեամբ պատրաստել Պոլսոյ յառաջիկայ Պատրիարքի ընտրութիւնը: