Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքու քննադատած է Ուաշինկթընի իշխանութիւնները, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը մերժած է մասնակցիլ իր քարոզչական նախագիծին, որ կայացած է Ճոճուք Մերճանլը գիւղին մէջ:
Նշենք, որ գիւղը կը գտնուի անցեալ Ապրիլին ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած Լելէ Թեփէ բարձունքի յարակից շրջանին մէջ: Գիւղը Պաքուի վերահսկողութեան տակ էր 1994էն ի վեր, սակայն միայն վերջին շաբաթներուն է, որ վերաբնակեցուեցաւ՝ Պաքուի ջանքերով։ Պաքու այդ նախագիծը կը ներկայացնէ իբրեւ մեծ նուաճում: Ըստ Ալիեւի վարչակազմին՝ բնակավայրը այժմ ապահով ձեռքերու մէջ է, եւ զայն բարեկեցիկ դարձնելու համար, կառավարութիւնը մօտաւորապէս 3 միլիոն տոլար յատկացուցած է:
Փետրուար 15ին, Պաքուի իշխանութիւնները օտար դիւանագէտներ հրաւիրած էին անձամբ ականատես ըլլալու ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու առաջին էջերէն անպակաս մնացող Ճոճուք Մերճանլըի շինարարական աշխատանքներուն:
Դեսպաններէն շատերը, ներառեալ ամերիկացի դեսպան Ռապըրթ Սեքութան, մերժած են այդ հրաւէրը՝ պատճառելով Պաքուի զայրոյթը:
«Ամերիկայի դեսպանը երկրին մէջ է։ Պատճառաբանուած է, որ իրենց կանոնադրութիւնը արտօնութիւն չի տար, որ մասնակցին նման միջոցառումներու: Չեմ հաւատար նման կանոնադրութեան», յայտարարած է գաղթականներու եւ տեղահաններու հարցերու պետական մարմինի ղեկավար եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով:
Փոխվարչապետին պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն՝ դիւանագէտները Ճոճուք Մերճանլը հասցնելու նպատակը, բացի շինարարական աշխատանքներու ծանօթացումէն՝ նաեւ «հայերու վայրագութիւններուն մասին մանրամասն տեղեկացնել»ն էր:
«Իւրաքանչիւր դիւանագէտ իր երկրի քաղաքականութեան հետեւորդն է, եւ քանի որ ամերիկացի դեսպանը աջակցութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի հողերը գրաւած երկրին, ապա այդ կը նշանակէ, որ նոյն կերպ կը վարուին նաեւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները», իր կարգին աւելցուցած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Ֆազիլ Կազանֆարօղլու, պնդելով, որ ամերիկացի դեսպանը իր այդ արարքով փորձած է խուսափիլ Երեւանը նեղացնելէն՝ անտեսելով այն երկիրը, ուր ինք հաւատարմագրուած է:
Նշենք, որ ռուս դեսպան Վլատիմիր Տորոխին ընդունած է ատրպէյճանական իշխանութեան հրաւէրը։