Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Յայտնի թուրք արձակագիր Էլիֆ Շաֆաք անգլիական «Կարտիըն» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է իրեն նկատմամբ հետապնդումներու ու հաշուեյարդարի փորձերուն մասին, որոնք տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ, իր՝ «Պոլսոյ Բիճը» (The Bastard of Istanbul) վէպի հրապարակումէն ետք: Վէպին մէջ կ՛արծարծուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
«Պոլիսը հակամարտութիւններու ու հակադրութիւններու քաղաք է: Մեր պատմութիւնը լի է խզումներով, եւ ամէն նոր իշխանութիւն կը սկսի ջնջելու նախորդ վարչակազմին ժառանգութիւնը: Ես կը գրէի ազգային փոքրամասնութիւններու մասին եւ կը ցանկայի անդրադառնալ անցեալ հարիւրամեակի անպատմելի ողբերգութեան, պատմել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, կիսել ժողովուրդին հետ այդ ցաւը ու փորձել կամուրջներ կառուցել», ըսած է Շաֆաք, ըստ «Սփութնիք-Արմէնիա»ին:
Գրողը նշած է, որ 2006ին իր գիրքը սկսած է լայնօրէն ընթերցուելու ամբողջ Թուրքիոյ մէջ, սակայն թրքական ազգայնական տրամադրութիւններով լրատուամիջոցները կոշտ քննադատութեան ենթարկած են վէպը, իսկ իրեն նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածի պայմաններով՝ թրքութիւնը վիրաւորելու ամբաստանութեամբ։ Հեղինակը կը դատապարտուէր անոր համար, որ ստեղծագործութեան հերոսներէն մէկը կը հաստատէր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Մօտաւորապէս տարի մը տեւած դատավարութենէն ետք եւ անբաւարար ապացոյցներու պատճառով, Շաֆաք անպարտ արձակուած է:
«Փողոցներուն վրայ մարդիկ կ՛այրէին Եւրոմիութեան դրօշը ու կը թքէին իմ լուսանկարներուս վրայ: Հակառակ անոր որ զիս դատարանին մէջ արդարացուցին, ատիկա շատ ծանր ժամանակ էր: Ես ստիպուած էի միշտ շրջելու թիկնապահի հետ», պատմած է Շաֆաք:
Շաֆաքի նշեալ վէպը լոյս տեսած էր անգլերէնով: Այնուհետեւ, հեղինակը զայն թարգմանած է թրքերէնի: