Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, «Մարդկային իրաւանց դէտ» կազմակերպութիւնը (Human Rights Watch) կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն, որ պատժամիջոցներ սահմանեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ՝ մարդկային իրաւունքներու համատարած ոտնակոխումներու շարունակման պատճառով:

Ատրպէյճանի մասին իր նորագոյն զեկոյցին մէջ, հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը փաստէ, որ հակառակ Արեւմուտքի քննադատութեանց, Ալիեւի վարչակազմը կը շարունակէ իր բռնաճնշումները ընդդիմախօսներուն, լրագրողներուն եւ իրաւապաշտպաններուն նկատմամբ:

«Թէեւ անցեալ տարեվերջին Պաքու պայմանական կերպով ազատ արձակեց կամ ներում շնորհեց քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալուած խումբ մը գործիչներու, սակայն ճնշումները չաւարտեցան. ազատ արձակուածներէն շատերը մինչեւ այսօր զրկուած են երկրէն դուրս գալու իրաւունքէն, իսկ միւսները հարկադրուած են դադրեցնելու իրենց գործունէութիւնը՝ շարք մը խոչընդոտներու պատճառով», նշուած է զեկոյցին մէջ։

Պաքու նաեւ կը հետապնդէ երկրէն դուրս ապրող այլախոհներ եւ նոյնիսկ ճնշումներ կը գործադրէ այն սակաւաթիւ փաստաբաններուն վրայ, որոնք յանդգնութիւնն ունին ընդդիմադիր գործիչներու շահերը պաշտպանելու։

Կազմակերպութիւնը անբաւարար կը համարէ Արեւմուտքին դատապարտումները եւ կ՛ընդգծէ գործնական պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը։