Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Լուսանկարին մէջ կարմիրով նշուածները հայկական շինութիւններն են։

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահէն ետք, անոր ընտանիքին հիմնած եւ Սթամպուլի մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը նախաձեռնած էր «Անատոլիոյ մշակութային ժառանգութիւնը» անուանումով յատուկ նախագիծ, որուն ընթացքին հիմնադրամին աշխատակիցները բացայայտած եւ հաշուարկած են ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին ազգային փոքրամասնութիւններու ձգած պատմամշակութային շինութիւններուն քանակն ու ներկայ վիճակը։ Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» թերթը:

Հիմնադրամին հրապարակած ցուցակին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ առկայ 10.000 պատմամշակութային կոթողներէն 4.600-ը հայկական են, 4.100-ը` յունական, 650-ը` ասորական, 300-ը` հրէական:

Նախագիծի համակարգող Մերուէ Քուրտը եւ հետազօտողներ Թունա Պաշըպեքը, Զէյնապ Օղուզը, Ալեքսանդրոս Գամպուրիսը եւ Վահագն Քէշիշեանը նախագիծին ծիրէն ներս, երկու տարի շարունակ ուսումնասիրած են Օսմանեան պետական արխիւները, ինչպէս նաեւ մեկնած Յունաստան եւ Զուիցերիա` ծանօթանալու արտասահմանեան արխիւներուն:

Մերուէ Քուրտի խօսքով` գրեթէ բոլոր պատմական այս կոթողներուն անունները այլեւս թրքացուած են: Անոր խօսքով` այս պատմական յուշարձաններուն զգալի մասը մատնուած է անուշադրութեան եւ լուրջ կարիք ունի պահպանութեան տակ առնուելու:

Հետազօտութեան համաձայն՝ ամենաշատ հայկական պատմական շինութիւնները առկայ են Մուշի մէջ` 401 պատմական կառոյց, այնուհետեւ Պիթլիսի` 325 շինութիւն, Խարբերդի` 323 հին հայկական շինութիւններով: Ասոնց կը յաջորդեն Սեբաստիան, Երզնկան, Էրզրումը, Կեսարիան,Տերսիմը: ակը կ՝եզրափակէ Վանը` 185 կառոյցով:

Հիմնադրամը, նախագիծին ծիրէն ներս, հրապարակած է յատուկ քարտէզ, ուր ցուցադրուած են հայկական, ասորական, յունական եւ հրէական պատմական կոթողներու վայրերը, այդ քարտէզին վրայ առկայ են եկեղեցիներ, վանքեր, գերեզմանոցներ, անգամ` հին հայկական դպրոցներու եւ որբանոցներու շէնքեր:

Հիմնադրամի պատասխանատուները յայտարարած են, որ իրենց ստեղծած նոր արխիւը բաց է բոլորի համար: