Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ֆինանսական միջոցներէ զրկուած, անելանելի վիճակի մէջ գտնուող մօտ 550 հալէպահայ կը սպասէ իր հերթին` վայրկեան առաջ հեռանալու ռմբակոծուող Հալէպէն: «Հալէպ հայրենակցական բարեսիրական» կազմակերպութեան անդամները դրամահաւաք նախաձեռնած են, ամէն օր կը սպասեն բարերարներու նուիրատուութիւններուն, որպէսզի կարենան հայրենակիցները ապահով կերպով Երեւան տեղափոխել:
Հալէպի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները նախ կը հատեն Սուրիոյ սահմանը, կը հասնին Լիբանան, այնտեղէն ալ` Երեւան: Հայաստան հասնելու համար մէկ մարդու ճանապարհածախսը կը կազմէ մօտ 500 տոլար:
Կազմակերպութեան համահիմնադիր Անի Բալխեան Panorama.am-ին ըսած է, որ հերթագրուած մարդոց մեծ մասը երեխաներ են, պատանիներ, այրիացած կանայք: Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ սասկացած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կազմակերպութեան միջոցներով 25 հալէպահայ տեղափոխուած է Հայաստան: Հալէպէն մեծ հոսք սկսած է նաեւ Սուրիոյ ծովափնեայ բնակավայրեր, որոնք այս պահուն աւելի անվտագ ու ապահով են:
«Մենք կը սպասնք բարերարներու նուիրատուութիւններուն: Հիմա բարերարներ գտնելը շատ դժուար է: Մինչեւ հիմա սիրահայերուն աջակցութեան ձեռք մեկնած են ոչ միայն հայեր, այլեւ տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ»,-ըսած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Հերթագրուածներուն առաջին խումբը յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի հասնի: Սուրիոյ մէջ պատերազմը սկսելէն ի վեր 220 հոգի կազմակերպութեան օգնութեամբ Երեւան եկած է:
Կազմակերպութեան անդամները կը շեշտեն, որ այս օգնութիւնը չ՛ենթադրեր համայնքի պարպում, քանի որ տեղի չ՛ունենար զանգուածային տեղափոխում: Այս կոչը կը վերաբերի միայն այն հալէպահայերուն, որոնք նիւթական պատճառներով չեն կրնար Լիբանանէն տեղափոխուիլ Հայաստան:
Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու ռմբակոծումը խստօրէն դատապարտած էր ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը: Շրջափակման մէջ գտնուող քաղաքին մէջ գործող միութիւնները կոչով դիմած են աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան` խնդրելով օգնել յուղարկաւորելու զոհերը: