Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնաբանած է Մայիս 2ին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ խորհրդարանին մէջ իրեն դէմ կատարուած յարձակումը:

Թրքական «IMC TV» կայանին համաձայն՝ Փայլան նշած է, որ յարձակումը նախապէս ծրագրուած եղած է, եւ պատգամաւորներէն ոմանք նոյնիսկ իրար տեղեկացուցած են՝ կանչելով. «Կարօն հոս է, Կարօն հոս է»։

Հայ պատգամաւորը ըսած է, որ 10-15 հոգիի կողմէ ծրագրուած էր այս յարձակումը, որուն դրդապատճառն այն է, որ ինք հայ է ու հանդէս կու գայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ։

«Կրնաք ստուգել յանձնաժողովին արձանագրութիւնները: Արդարադատութեան նախարարը յայտարարեց, թէ յանձնաժողովի նախորդ նիստին ատեն, (քրտամէտ) Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան պատգամաւորները բռնութեան դիմած են, իսկ ես ըսի՝ «Ո՛չ, բռնութիւն չե՛ն կիրառած»: Ես միայն այդ նախադասութիւնը արտաբերեցի եւ անկէ ետք սկսաւ յարձակումը», պատմած է Փայլան՝ աւելցնելով. «Ես ուղղակի թիրախի վերածուեցայ եւ 20-30 երկվայրկեանի ընթացքին շուրջ 100 բռունցքի ու ոտքի հարուած ստացայ: Այնուհետեւ, իմ հասցէին ուղղուած ազգայնամոլ յայտարարութիւններ եւ ատելութեան արտայայտութիւններ հնչեցին»:

Փայլան նշած է, որ չի պատրաստուիր կատարուածին համար հետաքննութիւն պահանջելու, քանի որ այդ ժամանակ հարցը պիտի քննէ նոյնինքն այդ յանձնաժողովը, որմէ դրական արդիւնք կարելի չէ ակնկալել: Ան ըսած է, թէ կատարուածը կը ձգէ հասարակութեան խիղճին:

«Անոնք չեն կրնար հանդուրժել այն, որ հայ ինքնութեամբ մէկը իրենց սուտերը բացայայտէ ու չընկրկի: Անոնք կ՛ուզեն իրենց դիմաց տեսնել ենթարկուող հայը: Իբրեւ իրաւունքներու համար պայքարող հայ՝ ես ուղղակիօրէն թիրախ դարձայ եւ յարձակումի ենթարկուեցայ», եզրակացուցած է հայ պատգամաւորը:

 

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐ ՕՊԱՄԱՅԷՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ՓԱՅԼԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանի վրայ կատարուող յարձակումները՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ դատապարտէ զանոնք։

«Հրանդ Տինքի կենդանութեան օրերուն, Հայ Դատի յանձնախումբը Ամերիկայի իշխանութեանց կոչեր կʼուղղէր դատապարտելու անոր հետապնդումները, սակայն, ցաւօ՛ք, ապարդիւն մնացին այդ կոչերը», յայտարարած է յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ նշելով, որ վերջերս նոյնատիպ սպառնալիքներ սկսած են կատարուելու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն ընտրուած պատ-գամաւոր Կարօ Փայլանի հասցէին, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

«Հրանդ Տինք ցոյց տուաւ համարձակութիւն մը, որուն պակասը ունին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները: Ո՛չ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ո՛չ ալ Սպիտակ տունը կրցան նոյնիսկ մէ՛կ բառով պաշտպանել զինք (Տինքը) եւ ապա՝ ան սպաննուեցաւ: Սակայն, ամերիկեան կառավարութիւնը ըսելու բաներ գտաւ անոր մահէն ետք, զոր կանխարգիլելու համար ոչինչ ըրած էր։ Եկէք ձգտինք, որ նոյն ճակատագիրին չարժանանայ նաեւ Կարօ Փայլանը, որ խաղաղասէր է եւ արժանի աջակցութեան եւ ոչ թէ լռութեան», ըսուած է Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ: