Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ աւելի քան 30 քոնկրեսականներ իրենց ձայնը միացուցած են Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնի եւ Ռապըրթ Տոլտի այն նամակին, ուր կը շեշտուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին օժանդակութեանց մէջ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները աւելցնելու կարեւորութիւնը։
Ներկայացուցիչներու տան Պետական ու արտաքին գործողութիւններու ենթայանձնախումբի ատենապետ Քէյ Կրէյնճըրին եւ ենթայանձնախումբի ամենաբարձրաստիճան դեմոկրատ քոնկրեսականին՝ Նիթա Լօուին, յղուած նամակին մէջ շեշտուած են Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2017ի ամավարկին մէջ հայութեան կարիքներու աջակցութեան հետեւեալ նախապատուութիւնները.
– Արցախի համար առնուազն 5 միլիոն տոլարի բարգաւաճման օժանդակութիւն.
– Հայաստանի համար առնուազն 40 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն.
– Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց ամբողջական կասեցում, այնքան ատեն որ Պաքու կ՛ընդդիմանայ Արցախի տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու ջանքերուն։
– Սուրիոյ մէջ կարիքաւորներուն, կամ Սուրիայէն փախուստ տուած քաղաքացիներուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները հաւասար համեմատութիւններով հասցնել նաեւ տեղւոյն հայերուն եւ այլ փորքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու.
– Վրաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեան առնուազն 10 տոկոսը յատկացնել æաւախքի մէջ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու ծրագիրներուն.
– Արցախի իշխանութիւնները խաղաղութեան բանակցութիւններուն մասնակից դարձնել.
– Խստացնել Ատրպէյճանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները սահմանափակել միտող թիւ 907 յօդուածի պայմանները։
Նշենք, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին քոնկրեսականներու հետ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Հայ Դատի գործիչները, ընկերակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ գործող Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի վարիչ Վարդան Թադէոսեանի, հանդիպում մը ունեցած էին նաեւ Ֆրենք Փալոնի հետ։
Փալոն կը խորհրդակցի Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն եւ Վարդան Թադէոսեանի հետ
Միւս կողմէ, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն Մարտ 22ին, Ներկայացուցիչներու տան Ելեւմտական սպասարկութեանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական արդիական համաձայնագիր մը կնքելու կարեւորութիւնը՝ նման քայլ մը կենսական համարելով երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները սերտացնելու գծով։
Շըրմըն այսպիսով կը հակադարձէր Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր գանձապետ-ելեւմուտքի նախարար Ճէյքըպ Լիւի այն յայտարարութեան, թէ՝ այս հանգրուանին Հայաստանի հետ նոր համաձայնագիր մը կնքելու առաջնահերթութիւն չկայ։
Յիշեցնենք, որ յատկապէս կրկնակի տուրքերէ խուսափելու միտումով առաջադրուող նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու կոչեր կատարած են շարք մը ընկերութիւններ, ներառեալ՝ «Shadowmatic» խաղի «Թրիատա Սթուտիօ» եւ նկարներու մշակման համացանցային ծրագիրներու «PicsArt» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ «Մայքրոսոֆթ», «Ֆետեքս», «Նեզտեք», «Մերիաթ» եւ «Կրենթ Թորնթըն»:
Քոնկրեսականներ Ճուտի Չու (Քալիֆորնիա, Դ.) եւ Թետ Լիու (Քալիֆորնիա, Դ.) պաշտօնապէս կոչ ըրած էին նախարար Ճէյքըպ Լիւին, որ առաջ մղէ Հայաստանի հետ տուրքերու առաւել նպաստաւոր համակարգի մը ստեղծման ջանքերը։
Շըրմըն անցեալ շաբաթ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ժողովին ընթացքին շեշտած էր Արցախ ու Հայաստան ապաստանած սուրիահայ գաղթականներուն յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը՝ քննադատելով Արցախին տրամադրուած օժանդակութեանց համեմատական նուազումը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին դրուատեց քոնկրեսականներուն այս քայլերը։