Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԼԱ ՀՈՅԱ, ՍԱՆԹԱ ՊԱՐՊԱՐԱ, Քալիֆորնիա.- Հետեւելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Պըրքլիի, Տէյվիսի, Սանթա Քրուզի եւ Ռիվըրսայտի մասնաճիւղերու օրինակին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի եւ Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղերու ուսանողական կառավարութիւնները Երեքշաբթի, Մարտ 1ի երեկոյեան, իրարմէ միայն մէկ ժամ տարբերութեամբ վաւերացուցած են բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ համալսարանին՝ ետ քաշելու Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումներն ու պարտամուրհակները, որոնց արժէքը մօտաւորապէս 74 միլիոն տոլար է։
Միաժամանակ կոչ եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի միւս մասնաճիւղերուն, որ վաւերացնեն այս բանաձեւը։
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուին Թուրքիոյ իշխանութեանց իրագործած ոճիրները եւ իրաւանց ոտնակոխումները, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր ուրացման շարունակութիւնը:
Սան Տիէկոյի համալսարանի ուսանողական կառավարութեան ժողովին, համալսարանին մէջ կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբի ատենապետ Սեդա Պիւրաթ խօսած է Ցեղասպանութեան եւ անոր ուրացման հետեւանքներուն մասին, որմէ ետք բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուած է։ Շարք մը այլ ուսանողական միութիւններ նեցուկ կանգնած են բանաձեւին։
Սանթա Պարպարայի համալսարանի ուսանողական կառավարութեան ժողովին ներկայացուած բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցած է համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան փոխնախագահ Սօսէ Աբրահամեան, որ շեշտած է բանաձեւը վաւերացնելու կարեւորութիւնը, իսկ բանաձեւի վաւերացումէն ետք՝ դրուատած է այս աշխատանքին յաջողութիւնը կերտած Հայ ուսանողական միութեան եւ ՀԵԴի ջանքերը:
Բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու արշաւը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու կամ հոն ներդրումներ կատարել տարհամոզելու ընդհանուր արշաւին՝ «#DivestTurkey» խորագիրին ներքեւ, որուն նախաձեռնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ):