Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Իտալացի անուանի գեղարուեստական ղեկավար Ճանլուքա Մարչիանոն 1 Սեպտեմբերին ներկայ պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք Ճուզեփէ Վերտիի «Ռեքուիեմ»-ի արցախեան անդրանիկ կատարողութեան: Ան Արցախ պիտի գայ Հայաստանի առաջին տիկնոջ հրաւէրով: Մայեսթրոն շատ կարեւոր կը նկատէ «Ռեքուիեմ»-ի արցախեան ներկայացումը, քանի որ մշակութային այդ նախաձեռնութիւնը բոլորը պիտի համախմբէ համաշխարհային լեզուով` երաժշտութեամբ, նաեւ աշխարհին մէջ խաղաղութեան հաստատման կոչ պիտի ըլլայ:
Ճանլուքա Մարչիանոն յայտնած է, որ Արցախ այցելելով` մտավախութիւն չունի, թէ կրնայ ներառուիլ Ազրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ: «1 սեպտեմբերին կայանալիք նախագիծը մշակոյթի միջոցով կը խօսի խաղաղութեան մասին, եւ շատ ուրախ եմ մաս կազմելու այդ միջոցառման: Ինծի համար արգելք չի կրնար հանդիսանալ որեւէ քաղաքական հարց: Ասիկա այնպիսի մշակութային ծրագիր է, որ կոչ կ՛ուղղէ բանալու սահմանները, ապրելու խաղաղութեամբ, եւ ոչ մէկ արուեստագէտ, կը կարծեմ, նման նախաձեռնութիւններէ կրնայ հրաժարիլ», յայտնած է ան:
Ճանլուքա Մարչիանոն մէկն է այն 4 գեղարուեստական ղեկավարներէն, որոնք 24 ապրիլ 2015-ին ղեկավարած էին «24/04» համաշխարհային նուագախումբի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգը: Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ արդեօք մտահոգ չէ՞, թէ Թուրքիոյ հետ հարցեր կրնայ ունենալ, հրաւէրներ չստանալ այդ երկիրէն` ան նկատել տուած է, որ ինք կը մտահոգուէր, եթէ ֆինանսական հարցերն ու ասպարէզը դասէր աւելի վեր, քան մարդկային յարաբերութիւններն ու գեղարուեստական արժէքները. «Քանի որ ես նման դիրքորոշում չունիմ, չվախցայ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող համերգին ելոյթ ունենալէ, Ղարաբաղի մէջ գտնուելէ: Եթէ որեւէ երկիր ինծի հետ հարց ունի, քանի որ ես` որպէս արուեստագէտ, կողմ եմ խաղաղութեան, ապա ատիկա տուեալ պետութեան խնդիրն է եւ ոչ թէ իմ»:
Ճանլուքա Մարչիանոն նշած է նաեւ, որ 14 նոյեմբերին Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ` ներկայացնելով Մալերի առաջին սիմֆոնին: Ան նաեւ դիտել տուած է, թէ ծանօթ է հայ երգահան-երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն եւ անոնցմէ մէկ քանին ներկայացուցած է: «Երազս է կատարել Արամ Խաչատրեանի երկրորդ սիմֆոնին: Իմ ծրագիրներուս մէջ է հայ յօրինողներու գործերը կատարել ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ անկէ դուրս», հաստատած է նշանաւոր արուեստագէտը: