Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով Միացեալ Նահանգներու գերագոյն յանձնաժողովը (USCIRF) դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները. այս մասին կը տեղեկացնէ ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» լրատուական կայքը:

Քոնկրեսին կողմէ ստեղծուած այս յանձնաժողովին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ «այդ խախտումները կը դրսեւորուին իրաւապաշտպաններու, կրօնական խմբաւորումներու անդամներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ձերբակալութիւններով ու անոնց դէմ արձակուող դատավճիռներով»։

USCIRF-ի պատուիրակութիւնը վերջերս Ատրպէյճան այցելած էր, որպէսզի յայտնէ իր անհանգստութիւնը այդ ձերբակալութիւններուն ու ազատութիւններու խախտումներուն վերաբերեալ։

«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ բանտարկուած պահել խղճի բանտարկեալները, ներառեալ՝ «Ազատութիւն» կայանի լրագրող Խատիճա Իսմայիլովան ու իրաւապաշտպաններ Լէյլա եւ Արիֆ Եունուսները: Այդ համարձակ գործիչները, որոնք կ՛աջակցին մարդկային իրաւունքներուն եւ կրօնական ազատութիւններուն, պէտք է պարգեւատրուին եւ ոչ թէ բանտարկուին կեղծ մեղադրանքներով, ինչպէս եղաւ պարագան Եունուս ամուսիններուն, որոնք բժշկական լուրջ օգնութեան կարիք ունին: Եւ ասիկա տակաւին սառակոյտին միայն գագաթն է, որովհետեւ հոն կան աւելի քան 100 խղճի բանտարկեալներ», յայտարարած է USCIRF-ի ղեկավար Ռապըրթ Ճորճ:

«Յուլիսին, Պաքուի մէջ պաշտօնեաներու հետ հանդիպած USCIRF-ի պատուիրակութիւնը անհանգստութիւն յայտնած է կրօնական իրաւունքներու խախտումներուն ու Եունուս ամուսիններու կալանաւորման առնչութեամբ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է ազատ արձակէ բոլոր խղճի բանտարկեալները», եզրակացուցած է ան: