Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուակայքը գրած է, թէ Թուրքիոյ կրթական մարզէն ներս վերադարձ կը կատարուի դէպի «ազգային գաղտնաթիւ»ի սկզբունքին՝ նշելով, որ Թուրքիոյ հայկական դպրոցներ ընդունուիլ փափաքող սուրիացի ընտանիքներու եւ բողոքական եկեղեցւոյ հետեւորդ հայ ընտանիքներու զաւակներուն առջեւ նոր սահմանափակումներ դրուած են:
Պոլսոյ պատրիարքի տեղակալ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ գումարուած՝ Թուրքիոյ հայկական կրթօճախներու տնօրէններուն եւ հիմնադրամներու նախագահներուն ժողովին, սահմանուած են այն չափանիշները, որոնք պէտք է բաւարարուին, որպէսզի երեխաները կարենան հայկական դպրոցներ ընդունուիլ: Մասնաւորապէս՝ երեխաներու ծնողները պէտք է փաստացի ապացուցեն, թէ հայկական համայնքին կը պատկանին:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ իբրեւ Հայկական դպրոցներու կրթական յանձնաժողովի անդամ՝ մասնակցած էր սոյն նիստին, «Տեմոքրաթհապեր»ի թղթակիցին ըսած է. «Հայ աշակերտները դպրոցներէն դուրս պիտի չմնան. թէ՛ առաքելական եւ թէ բողոքական եկեղեցիներու հետեւորդ հայ ընտանիքներու երեխաները առիթ պիտի ունենան ընդունուելու հայկական դպրոցներ: Առկայ խնդիրները պայմանաւորուած են անցումային շրջանով: Յառաջիկայ նիստին պիտի քննարկուին լուծումները՝ իւրաքանչիւր դէպքի համար»:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ, Թուրքիոյ հայկական դպրոցներուն մէջ հայ երեխաներու ընդունելութեան ընթացքին յառաջացած խնդիրներուն պատճառով բացայայտուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ «ազգային գաղտնաթիւ»ի սկզբունքը, որով դիւրութեամբ կը պարզուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի ազգութիւնը: Հայերու «ազգային գաղտնաթիւ»ը 2ն է:
Մեծ աղմուկ հանած այդ դէպքերէն որոշ ժամանակ անց, այս սկզբունքը վերցուեցաւ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներու ընդունելութեան գործընթացէն եւ իրաւունք տրուեցաւ դպրոցներուն որոշելու դիմորդներու թեկնածութիւնը: