Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդների ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ պատգամաւոր դարձած Կարօ Փայլան հայկական «Քեմփ Արմէն» որբանոցի տարածքին 32 ծառ տնկած է:

Ըստ «Ակօս»ի՝ Պոլսոյ «Քեմփ Արմէն» որբանոցի քանդման դէմ հերթապահող ցուցարարներուն հետ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Սուրուչի շրջանին մէջ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած 32 երիտասարդներուն համար 32 ծառ տնկած է:

Նշենք, որ 20 Յուլիսին Թուրքիոյ տարբեր վայրերէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող յեղափոխական հայեացքներով խումբ  մը երիտասարդներ Քոպանիի երեխաներուն խաղալիքներ եւ հագուստներ կ՛ուզէին տանիլ, սակայն թրքական իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած անցնիլ սահմանը, որմէ ետք անոնք Սուրուչ շրջանին մէջ մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրած են: Ասուլիսի ընթացքին ահաբեկիչը մտած է անոնց մէջ եւ ինքզինք պայթեցուցած՝ սպաննելով 32 երիտասարդ: