Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Մշոյ Քալէ թաղամասին մէջ գտնուող 1600-ամեայ հայկական գերեզմանատունը աւերակի վերածուած է` գանձագողերու եւ բարձիթողի վիճակի հետեւանքով:

Վկայակոչելով «Տիճլէ» լրատուական գարծակալութիւնը՝ Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ 1915 թ. առաջ հայերով բնակեցուած Մուշի մէջ կային 299 եկեղեցի, 94 վանք, 53 ուխտավայր եւ 135 դպրոց, ուր կ’ուսանէին 5669 սաներ: Տարօնի/Մուշի հայերու համերաշխութեան, հասարակական եւ զբօսաշրջութեան միութեան նախագահ Հայրեթթին Ասլանը, ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստի վրայ, որ թրքական պետութեան գիտակցաբար վարած քաղաքականութեան միջոցով կ’ուզեն սոյն շրջանին մէջ վերացնել հայկական պատմութիւնը, ընդգծեց, որ կը ջնջուի նաեւ քաղաքի պատմական յիշողութիւնը:

Ասլան՝ յայտնելով, որ գերեզմանատունը ունի 1600 տարուան պատմութիւն, նշած է, թէ ժողովուրդի մը ամբողջ պատմութիւնը կանգնած է վերանալու վտանգին դէմ-յանդիման:

Շեշտելով, որ հայկական այբուբենը գրուած է նոյնինքն Մուշ քաղաքին մէջ, ան յայտնած է, որ գանձագողերը մեծ վնաս կը հասցնեն նաեւ գերեզմանոցներուն:

Ընդգծելով, որ «հայերու կոտորածէն առաջ քիւրտերն ու հայերը խաղաղ ապրած են այս քաղաքին մէջ», Ասլան ըսած է,- «Եթէ կ’ուզենք խաղաղութեան, սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ ապրիլ, ուրեմն պէտք է տէր կանգնինք հայկական պատմութեան»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ այստեղ առկայ են նաեւ հայկական այլ յուշարձաններ, որոնք նոյնպէս կը  վերանան, եւ նշած,- «1915 թ. առաջ 100 հազար բնակչութեամբ նահանգ մը եղած Մուշի լեռնոտ շրջաններու մէջ անգամ հայերու կողմէ ենթակառուցուածքային համակարգեր ստեղծուած էին:

Հիմա հայերու եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները այնքան աւերուած են, որ գրեթէ վերացման եզրին են: Հարկաւոր է, որ պետութիւնն ու քաղաքացիական-հասարակական կազմակերպութիւնները նրբազգաց ըլլան այս հարցին նկատմամբ: Կ’անհետանայ հազարամեայ պատմութիւն: Եթէ սոյն կառոյցները աւերուելու փոխարէն վերանորոգուին, աշխարհի չորս ծագերէն այցելուներ պիտի գան Մուշ, եւ տնտեսական զարգացման հետ մէկտեղ` պիտի պահպանուի քաղաքի ինքնութիւնը»: