Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Պատմական Հայաստանի Կարս քաղաքին մէջ բնակուող թուրք գրող Իսա Եըլմազը խօսած է Կարսի պատմական յուշակոթողներու ներկայի վիճակին մասին: Ընդգծելով, որ այս հինաւուրց քաղաքը իր պատմութեամբ կրնայ տեղեկութեան հարուստ աղբիւր ըլլալ ֆիլմի արտադրութեան եւ գրական ստեղծագործութիւններու համար` գրողը մտահոգութիւն յայտնած է, որ առկայ լքուած վիճակին ու անտարբեր վերաբերմունքին պատճառով շատ շուտով Կարսի միակ պատմական յուշարձանը կրնայ մնալ ընդամէնը ու միայն Կարսի  բերդը, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Թրքական «habertuar.com» լրատուակայքի համաձայն` Եըլմազը յայտարարած է, որ ուրարտուական ժամանակաշրջանէն ի վեր տարբեր քաղաքակրթութիւններու օճախ հանդիսացած Կարսի շարք մը պատմական կառոյցներ ոչնչացման վտանգի տակ են:

Եըլմազը, որ «Հայու մը դին Կարսի մէջ» գիրքին հեղինակն է, հետեւեալ կարծիքը արտայայտած է. «Պատմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կը շարունակեն ապրիլ անցեալէն մնացած այն յուշակոթողներու շնորհիւ, ինչպիսիք են պատմական տուները, ամրոցները, հիւրատուները, բաղնիքները: Անոնք արուեստի գործեր են:

«Մինչդեռ, օրինակ, վերջին տարիներուն Կարսի մէջ շարք մը ռուսական տուներ քանդուած են ու անոնց փոխարէն նոր շէնքեր կառուցուած: Անհրաժեշտ է, որ մշակոյթի նախարարութիւնը անմիջապէս արձանագրէ եւ պաշտպանութեան տակ առնէ Կարսի մէջ գտնուող պատմական կառոյցները»: