Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան խորհրդարանի նորընտիր հայ անդամ Սելինա Տողան պաշտօնապէս ստացած է պատգամաւորական լիազօրութիւնը, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տողան փափաք յայտնած է մօտիկ ապագային տեսնել ոչ միայն հայ պատգամաւորներ, այլ նաեւ ասորի դատաւոր, հրեայ գնդապետ ու փոքրամասնութեան անդամ այլ ներկայացուցիչներ, տարբեր ոլորտներու պատասխանատու պաշտօններու վրայ:
«Թարաֆ» կը տեղեկացնէ, որ Տողան խօսած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Հայ պատգամաւորը ըսած է, որ պէտք է հրաժարիլ մինչեւ այս ցուցաբերուող ծայրայեղական վերաբերմունքէն եւ համերաշխութեան միջավայր ստեղծել:
Տողան յոյժ կարեւոր համարած է Թուրքիոյ հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ 7-8 միլիոն հայերուն միջեւ քննարկման աւելի ժողովրդավար ու դրական միջավայր ապահովել, հաշուի առնելով նաեւ Հայաստանի բնակչութիւնը:
«Անոնց, որոնց գիտենք «Սփիւռք» անունով, որպէս թշնամի կը ներկայացուին: Անոնք այն մարդիկն են, որոնք Անատոլիայէն վտարուած են եւ Անատոլիան կարօտով կը յիշեն: Այս հարցին անհրաժեշտ է մօտենալ աւելի խաղաղ միջոցներով, առանց թշնամացնելու ու անոնց պահանջներն ու զգացմունքները նկատի առնելով», նշած է Տողան: