Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացած Եւրոմիութեան Մշակութային ժառանգութեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ շնորհուած է 7 գլխաւոր մրցանակներէն մէկը:
Թրքական «turkiyeturizm.com» կայքը կը հաղորդէ, որ մրցանակաբաշխութեան դատակազմի անդամներուն այս որոշման համար հիմնական դրդապատճառը հանդիսացած է կիսաւեր եկեղեցւոյ վերականգնման ջանքերուն մէջ հայ համայնքի եւ տեղւոյն բնակչութեան, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութեանց միջեւ համագործակցութիւնը, որ նկատուած է համերաշխութեան լաւ օրինակ:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած են բազմաթիւ մշակութային նախագիծեր, որոնց ուսումնասիրութիւններուն մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ մշակութային ժառանգութեան 600 մասնագէտ եւ բազմաթիւ կամաւորներ: Մասնագէտները մրցանակներուն համար քննած էին աւարտական հանգրուան հասած 28 կառոյցներ։
Մրցանակին կ'ընկերանար 10,000 եուրոյի նիւթական վարձատրութիւն։
Միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Օսլոյի քաղաքապետն ու Նորվեկիոյ բնապահպանութեան նախարարը: