Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ե.Ա.Հ.Կ.-ի դիտորդներու բազմանդամ պատուիրակութիւնը, որ Կիրակի, Յունիս 7ին հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Երկուշաբթի օր մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով, առաջին արժեւորումները կատարեց ընտրական քարոզարշաւին ու ընտրութիւններուն մասին։
Ուշագրաւ է, որ եւրոպացի դիտորդներուն կողմէ պարբերաբար անկողմնակալ մնալու յայտարարութիւններ հնչեցին նախագահ Էրտողանի հասցէին, ու պահանջուեցաւ նաեւ, որ ընտրական պատնէշի 10 առ հարիւրի համեմատութիւնը նուազի, որպէսզի աւելի մեծ թիւով կուսակցութիւններ խորհրդարան մտնելու կարելիութիւն ունենան։
Ե.Ա.Հ.Կ.-ի դիտորդներու խումբի պատասխանատուները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ յաճախ շեշտեցին, որ Էրտողան ժողովուրդին հետ հանդիպումներու անուան տակ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ի նպաստ քարոզարշաւ իրականացուցած էր, ստանձնելով առանցքային դերակատարութիւն, կասկածի տակ ձգելով ընտրութիւններու օրինականութիւնը։
Ըստ դիտորդներուն՝ նախագահը պէտք է վերջ տայ իշխող կուսակցութեան հետ կապերուն եւ անկողմնակալ կեցուածք պէտք է ցուցաբերէ քաղաքական միւս առաջնորդներուն նկատմամբ։
Իր կարգին, Էրտողան, որ նախագահ ընտրուելէն ետք մէկդի դրած էր հանրապետութեան նախագահի համար ցարդ ընդունուած չափանիշները, անկողմնակալ նախագահ մը ըլլալը մերժած էր եւ ընտրարշաւին ինքն ալ մասնակցած էր, Յունիս 8ին ընտրութեանց արդիւնքին մասին արտայայտուեցաւ առաջին անգամ, այդ ալ՝ գրաւոր կերպով։ Նախագահական գրասենեակէն հաղորդուեցաւ գրաւոր յայտարարութիւն մը, որով նախագահը այս անգամ կը խօսէր երկրի նախագահէն սպասուած ոճով։
Էրտողան կ'ըսէր. «Կը մաղթեմ, որ ընտրութեան արդիւնքը երկրին համար բախտաբեր ըլլայ։ Քուէարկութեան մասնակցութեան բարձր թիւը մեզի անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը տէր է իր ձայնը հնչեցնելու իրաւունքին։ Մեր ժողովուրդին գնահատանքը ամէն բանէ գերիվեր է։
Ժողովուրդը ո՛չ մէկ կուսակցութեան իրաւունք տուաւ առանձինն կառավարութիւն կազմելու։ Կը հաւատամ, որ բոլոր կուսակցութիւնները լրջօրէն պիտի քննարկեն գոյավիճակը։ Հիմա կարեւոր է որ մեր բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները անհրաժեշտ զգայնութիւնը ցոյց տան ու պատասխանատու կեցուածք դրսեւորեն»։