Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Կիրակի, Յունիս 7ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Իշխանութեան գլուխը գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (AKP), որ հետամուտ էր խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն եւ նոյնիսկ քուէներու երկու երրորդը ապահովելու, առանց որեւէ խոչընդոտի փոփոխութեան ենթարկել կարենալու համար երկրին սահմանադրութիւնը եւ այդպէսով ալ բացարձակ լիազօրութիւններ ապահովելու նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:
Սակայն, ընտրութեանց նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ իշխող կուսակցութիւնը ձեռք ձգեց քուէներուն միայն 40.86 տոկոսը, այլ խօսքով՝ պիտի ունենայ 258 երեսփոխան ընդհանուր 550ին վրայ, այսինքն նուազ քան բացարձակ մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ 276 աթոռէն: Նախորդ ընտրութեանց, իշխող կուսակցութիւնը խլած էր քուէներուն 49 տոկոսը։ Վերջին 13 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չէ կրցած բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովել։
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (CHP)՝ 24.96 տոկոսով (132 երեսփոխան), իսկ երրորդ եւ չորրորդ դիրքի վրայ կը գտնուին յաջորդաբար ազգայնամոլ՝ Ազգային շարժում (MHP) եւ քրտամէտ՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը (HDP), ձայներու 16.29 (80 երեսփոխան) եւ 13.12 տոկոսներով (80 երեսփոխան):
Այսպէսով, քրտամէտ կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալոց կրցաւ խորտակել խորհրդարան հասնելու համար հարկաւոր 10 տոկոսի պատնէշը:
Միւս կողմէ, հայ համայնքի հինգ թեկնածուներէն երեքը յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց ընտրապայքարը եւ մուտք պիտի գործեն Թուրքիոյ խորհրդարան, մօտաւորապէս 60 տարիներու ընդմիջումէ ետք:
Պոլսոյ երկրորդ ընտրատարածքին մէջ, գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ցանկէն երեսփոխանուհի ընտրուեցաւ Սելենա Տողան:
Ընտրուած երկրորդ հայը իշխող կուսակցութենէն թեկնածու Մարգար Եսայեանն է, որ կը ներկայանար նոյնպէս Պոլսոյ 2րդ ընտրատարածքէն:
Հայ երրորդ թեկնածուն, որ ընտրուած է՝ համայնքային գործիչ եւ հայկական դպրոցներու վարիչ յանձնաժողովի պատասխանատու Կարօ Փայլանն է: Ան թեկնածու էր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ 3րդ ընտրատարածքի ցանկէն:
«Անշուշտ այս երեք թեկնածուներուն ալ ընտրուած ըլլալը արդիւնք էր կուսակցապետներու կողմէ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան ու կարեւորութեան. երեքն ալ տեղ գտած էին ցանկերու վերին կարգերուն վրայ, ուստի բարձր էր անոնց շահելու հաւանականութիւնը։ Այս պարագան ցոյց կու տայ, որ այս շրջանին, մանաւանդ երբ տակաւին նոր դուրս կու գանք 1915ի հարիւրամեակի իրադարձութիւններէն, կուսակցութիւնները ուզած են բանով մը տուրք վճարել, կերպով մը յարգանք ցուցաբերել հայ համայնքին։ Այսպէս՝ Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ երէկ նոր էջ մը բացուեցաւ երեք հայ երեսփոխաններու խորհրդարան մուտքով։ Շնորհաւոր ու բախտաբեր ըլլայ», կը գրէ «Մարմարա»։
Քրտամէտ կուսակցութեան Պոլսոյ ցանկերուն մէջ կային երկու այլ հայ թեկնածուներ եւս՝ Ֆիլոր Ուլուք եւ Մուրատ Մըխճը, որոնք սակայն չընտրուեցան:
Իշխող կուսակցութեան կողքին, քուէ կորսնցուց նաեւ հանրապետական կուսակցութիւնը, մինչ ազգայնամոլները քուէներու որոշ աճ մը արձանագրեցին։
Գլխաւոր եզրակացութիւնն այն է, որ այս ընտրութեանց մէջ բուն կորսնցնողը նախագահ Էրտողանն էր, որ սկզբունքով ընտրապայքարին ընթացքին պէտք էր չէզոք մնար, սակայն հանդիսացած էր իշխող կուսակցութեան գլխաւոր քարոզիչը։ Քաղաքական վերլուծաբաններ դիտել տուին, որ այս ընտրութեամբ Թուրքիոյ ժողովուրդը ցոյց տուած էր, որ չէր իւրացուցած Էրտողանի առաջարկած նախագահական դրութիւնը ու անհանգիստ եղած էր Էրտողանի վերջին շրջաններու մենատիրական շարժուձեւերէն։ Նոյնիսկ ոմանք կրցան պնդել, որ հիմա հրաժարելու կարգը Նախագահ Էրտողանինն էր։
«Սխալ չէ մտածել, որ այս արդիւնքը բնաւ ալ փայլուն արդիւնք չէ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ անպայման պիտի ստեղծուի կառավարական տագնապ մը, քանի որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այլեւս կորսնցուց առանձինն կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը։ Ուրեմն օրակարգի պիտի գայ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու այլընտրանքը, ինչ որ դիւրին չէ իրագործել կուսակցութիւններու միջեւ ստեղծուած լարուած վիճակին հետեւանքով։ Հիմա կառավարական կազմին համար որոնումներու, խարխափումներու ու զիջումներու շրջան մը պիտի բացուի։ Բուն յաղթողը քրտամէտ կուսակցութիւնն էր, որուն երկու համանախագահները չափաւոր ուրախութեամբ մը խոստովանեցան, որ գիտեն, թէ իրենց ստացած քուէները մեծամասնութեամբ փոխ տրուած քուէներ են, բայց իրենք ամէն բան պիտի ընեն, որպէսզի արժանի դառնան այդ քուէներուն ու փոխ տրուած այդ քուէները դարձնեն մնայուն քուէի։ Վերջին հաշուով, Յունիս 7ի ընտրութիւնը ժողովրդավարութեան, հաշտութեան կամ խաղաղութեան մէկ յաղթանակն ալ կրնայ նկատուիլ», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»։