Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան խմբակի երեք անդամներ, «Էքսփրես» շաբաթաթերթին մէջ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ ի նպաստ Արցախի միջազգային ճանաչման: Յայտարարութեան հեղինակներէն երկուքը ծերակուտականներ են՝ Սոֆի Ժուասեն եւ Միշել Ամիէլ, իսկ երրորդը Պուր լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէն է:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Յունուար 27ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էին շփման գիծի երկայնքով եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող յարձակումներուն վերաբերեալ՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանին իրագործելու տագնապին խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:

Ֆրանսացի գործիչները իրենց յայտարարութեան մէջ նախ գոհունակութիւն յայտնած են այն բանին համար, որ համանախագահները, իրենց վերջին դիրքորոշումներով, աւելի լաւ կերպով նկատի առած են տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրողութիւնը:

«Ղարաբաղի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը կը շարունակէ բախիլ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն, որուն փաստը այն իրողութիւնն է, թէ հակառակ 1994ին կնքուած զինադադարին՝ լարուածութիւնը տարուէ տարի կ՛աճի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ինչի համար ալ համանախագահները երկար ժամանակ խուսափած են պատասխանատու նկատել մէկ կամ միւս կողմը: Համանախագահներուն վերջերս կատարած քանի մը յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք հրաժարած են այդ քաղաքականութենէն, որ ոչ միայն անարդար է բարոյապէս, այլ նաեւ ապարդիւն է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Անոնք յայտարարութեան մէջ նաեւ նշած են, որ պէտք չէ նոյն մակարդակի վրայ դնել զոհն ու յարձակողը։ «Պէտք է նկատի առնել մանաւանդ կողմերուն քաղաքական կարգերը, որոնք շատ տարբեր են իրարմէ։ Մէկ կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղը, որ կը փորձէ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն հիմնել՝ 24 տարիներու ընթացքին ընտրութիւններ կազմակերպելով եւ գերզինուած Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումներուն հանդէպ իր բնակիչները պաշտպանելու պարտականութիւնը ստանձնելով, իսկ միւս կողմէ՝ Ալիեւի արիւնահեղ բռնապետութիւնը, որ կը բանտարկէ իր ընդդիմադիրներն ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանները, կը խեղդէ իւրաքանչիւր ազատ ձայն, որուն վերջին օրինակը՝ «Ազատ Եւրոպա-Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի փակումն էր»:

Ֆրանսացի գործիչները ընդգծած են, որ պատերազմի շարունակումը եւ հակահայ քարոզչութիւնը Պաքուի համար անհրաժեշտութեան վերածուած է, երկիրի ներքին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով։ «Անիկա կարելիութիւն կ՛ընծայէ Ալիեւին՝ համախմբելու Ատրպէյճանի հասարակութեան բեկորները՝ լաւ գիտակցելով, որ նման հայատեաց քարոզչութեան միջոցով ան կրնայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը իր սեփական զեղծարարութիւններէն շեղել եւ իշխանութեան գլուխ մնալ: Մենք պէտք է աւելի քան երբեք նեցուկ կանգնինք Ղարաբաղի ժողովրդավարութեան, որուն համար մենք կը պահանջենք Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը», եզրակացուցած են ֆրանսացի պաշտօնատարները: