Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Հալէպ քաղաքի արեւելեան մասին եւ նահանգի գիւղական շրջաններուն դեղորայք ու բժշկական օժանդակութիւն տրամադրած է` գործակցութեամբ Սուրիական կարմիր մահիկին եւ տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն:

Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ այդ մատակարարումները ուղարկուած են Դամասկոսէն, եւ կազմակերպութիւնը հիւանդանոցներուն կ՛օժանդակէ շաքարախտէ եւ արեան գերճնշումէ տառապողներուն դարմանում ապահովելու համար` նշելով, որ Հալէպ նահանգին մէջ կը շարունակեն գործել միայն չորս հիւանդանոցներ, 11 հիւանդանոցներ վնասներ կրած են, իսկ 5 ուրիշներ` քանդուած: