Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
2015-ին Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան եւ Փրակի Քարլի համալսարանի տնօրէն Թոմաշ Զիման ստորագրած են համագործակցութեան մասին պայմանագիր: Ըստ Orer.eu-ի՝ իր չեխ գործընկերոջ ուղարկուած նամակին մէջ՝ Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէնը ընդգծած է, որ այս պայմանագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Չեխիոյ միջեւ կրթական, գիտական եւ մշակութային կապերու զարգացման: Պայմանագիրը կը նախատեսէ դասախօսական կազմի, հետազօտողներու ու ուսանողներու փոխանակում, փոխայցեր, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան այլ ոլորտներ:
Յիշեցնենք, որ դեռեւս 2014 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին Փրակի Քարլի համալսարանի տնօրէն փրոֆէսոր Թոմաշ Զիման եւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեան ստորագրեցին պայմանագիր մը, որ հնարաւորութիւն կու տար 2014-2015 ուսումնական տարուընէ Փրակի համալսարանին մէջ սկսիլ հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասաւանդում: Արդէն առաջին կիսամեակին ընթացքին երեք առարկաներ դասաւանդուած են, իսկ Փետրուարէն սկսած են այս կիսամեակի դասընթացները, որոնց մէջ կը մտնեն հայոց լեզու, հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ գրաբար: