Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը` անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին յղած նամակին, որուն մէջ տեղեակ կը պահէր, որ յետս կոչէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները Ազգային ժողովէն, յայտնած է, որ Հայաստանի այդ քայլը «սխալ եւ անյաջող քայլ է»:
«Արձանագրութիւնները մնացին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, սակայն որեւէ քայլի չձեռնարկուեցաւ: Այս որոշումը Հայաստանի իշխանութիւններու ներքին գնահատականն է: Սակայն մենք այդ մէկը ճիշդ չենք նկատեր: Ատիկա սխալ եւ անյաջող քայլ է, որ անկեղծութենէ հեռու մօտեցում է»: