Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի մէջ եւ արուարձանները սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:

Մինչ սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ Հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձաններուն մէջ եւ քաղաքը, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ կը դարձնեն քաղաքի խաղաղ բնակչութիւնը։

Այսօր, Երեքշաբթի 17 Փետրուար 2015-ին, կէսօրէ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձան քաղաքի զանազան շրջաններ: Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ եւ հայաբնակ Ազիզիէ շրջանի «Ֆորեսթա» Գաֆիթերիայի դիմացը եւ անոր մօտ վայրեր հրթիռակոծուեցան: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

Միւս կողէ, քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառախանութներու շրջանը եւս հրթիռակոծուեցան: Վերոնշեալ շրջանը 5 հրթիռներու (կազի տակարներ) թիրախ դարձաւ: Նշենք, թէ շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու՝ հրթիռներէն մէկը ինկաւ արհեստաւորի մը խանութը, բայց բարեբախտաբար չպայթեցաւ, ուրիշ մը «Հարամ» ընկերութեան մօտ: Հրթիռակոծուեցան նաեւ Մոկամպօ, Թըշրին թաղամասը եւ այլն:

Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 8 զոհեր եւ 36 վիրաւորներ։

Յայտնենք, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն եւ խանութներուն։

Իսկ երէկ, Երկուշաբթի օր նոյնպէս Հալէպի Սըրիան ալ-Ատիմ շրջանին մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: