Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Յունուար 23-26 Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած 9-րդ միջազգային մրցոյթը: Այն կը կոչուէր «Հոլոքոսթ. յիշեցում եւ նախազգուշացում»: 17-ամեայ Միքայէլ Յարութիւնեան իր «Կոտրուած մանկութիւն» կտաւով արժանացած է առաջին մրցանակի: Այս մասին կը գրէ Hetq.am-ը:
Միքայէլ կ’ըսէ, որ 9-րդ միջազգային մրցոյթին հայաստանցի միակ ներկայացուցիչն էր: Նախքան Հոլոքոսթի զոհերուն նուիրուած իր նկարին մասին խօսիլը կը նշէ, որ ինք արդէն 2 կտաւ ունի` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Որոշեցի նկարել նաեւ հրեաներու ցեղասպանութեան մասին»,- կը նկատէ Միքայէլ: Մրցոյթի մասնակիցներուն թիւը 1200 էր, իսկ եզրափակիչ անցած էր 3 տասնեակէ աւելի մասնակից:
Միքայէլի խօսքով` մրցութային օրերուն այցելուները մեծ ուշադրութեամբ կը նայէին իր նկարը: Կ’ըսէ` այդ վերաբերմունքէն ինք կը զգար, որ նկարը տպաւորիչ է: Սակայն առաջին մրցանակին արժանանալուն չէր սպասեր: «Երբ ըսին, որ առաջին տեղը գրաւած եմ, շատ ուրախացայ: Անգամ իմ պատուին հրեայ ուսանողներէն մէկը հայերէն բանաստեղծութիւն գրած էր, որ արտասանեց բեմէն` նուիրելով Հայաստանին: Այն կը կոչուէր «Հայաստանի գարունը»»,- կը պատմէ 17-ամեայ պատանին:
Հակասեմականութեան դէմ պայքարող եւրոպական «Շիմոն Վիսենթալ» կեդրոնի տնօրէն Շիմոն Սամուէլսը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է հայ մասնակիցի ներկայացուցած նկարին` ըսելով, որ այն պիտի ցուցադրուի ԻՒՆԵՍԿՕ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ: